image

«Calfa» եւ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանը պիտի աջակցին Հայաստանի Ազգային գրադարանի թուայնացման

«Calfa» եւ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանը պիտի աջակցին Հայաստանի Ազգային գրադարանի թուայնացման

Հայաստանի Ազգային գրադարանի (ՀԱԳ) տնօրէն Աննա Չուլեան օրերս աշխատանքային հանդիպում մը ունեցած է «Calfa» արհեստագիտական կեդրոնի տնօրէն՝ Շահան Վիտալ-Կորէնի եւ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի (BnF - Bibliothèque nationale de France) DataLab-ի համակարգող՝ Մարի Գարլէնի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է, թէ ինչպէս Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի DataLab-ի փորձառութիւնն ու գործիքակազմը կրնան կիրարկուիլ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, ի մասնաւորի՝ հաշուի առնելով ՀԱԳ-ի թուային պաշարներուն ծաւալն ու նիւթերուն բացառիկ հանգամանքը:

Գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ օգտագործել այս համագործակցութիւնը՝ թուային մարդասիրական գիտութիւններու հետազօտողներուն աջակցելու համար:

Նախաձեռնութեան քննարկումները կը կատարուին «Ֆրանսա-Հայաստան. պատմական եւ մշակութային երկխօսութիւն» խորագրով միջազգային գիտաժողովի շրջանակին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ՀԱԳ-ի, Ֆրանսայի Ազգային գրադարանի եւ «Calfa» արհեստագիտական կեդրոնին միջեւ կնքուած համագործակցութեան յուշագրերուն համաձայն: