image

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի «111 Բռնադատուած հայ բժիշկներ, 1920-1954» գիրքը

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի «111 Բռնադատուած հայ բժիշկներ, 1920-1954» գիրքը

Ան հաւաքած է աւելի քան 270 կենսագրականները, սակայն այս գիրքին մէջ տեղադրած է միայն 111ը: Ան տարած է վիթխարի աշխատանք: Կարելի է նկատել զինք այդ ժամանակաշրջանի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող իրաւ հայ մարդը:

Բռնադատուածները ենթարկուած են քաղաքական բռնաճնշումներու, աքսորի եւ գնդակահարումի: Այս իրադարձութիւնները տեղ գտած են եւ արձանագրուած են ԽՍՀՄ պետական անվտանգութեան, ներքին գործերու եւ դատախազութեան արխիւներուն մէջ, որոնք այդ շրջանին անհասանելի եղած են, ետքը մասամբ մը յայտնաբերուած են:

 

 

 

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի մասին գրած եմ «Հայրենի Բազմավաստակ Բժիշկ, Հոգեբոյժ՝ Յարութիւն Մինասեան» խորագիրով, «Բժիշկին Զ. Խօսքը» գիրքիս մէջ, որ հրատարակուեցաւ 2022ի Փետրուարին: Նոյն գրութիւնը լոյս տեսաւ նաեւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ 21 Յունուար 2022ին:

Հայրենաբնակ Մինասեան հրատարակած է «111 Բռնադատուած Հայ Բժիշկներ, 1920-1954»  գիրքը (246 էջ) 2006ին, Երեւանի մէջ: Ան ձօնած է գիրքը բոլշեւիկեան եւ սթալինեան բռնապետութեան տարիներուն նահատակուած հայ բժիշկներու յիշատակին: Գիրքին յառաջաբանը գրած է հայրենի բանաստեղծ, ռազմական պատմաբան եւ «Ուխտատուն» թանգարան-հաստատութեան տնօրէն՝ Սասուն Գրիգորեանը: Գիրքի տպագրութիւնը հովանաւորած են՝ Հայ-ամերիկեան ընկերակցութեան կեդրոնի նախագահ՝ բարերար Օննիկ Մեհրաբեան եւ ընկերակցութեան մշակութային կեդրոնի գործադիր տնօրէն՝ Արսէն արք. Բերբերեան:

Հեղինակը նախ հանդէս եկած է «Հեղինակի Խօսքը»ով եւ ապա ներկայացուցած է 1920-1954 ժամանակաշրջանին 111 բռնադատուած հայ բժիշկներու կենսագրութեան:

Գիրքի վերջաւորութեան տեղադրուած են բռնադատուածներու հայերէն եւ անգլերէն անուանացանկը, «Վկայութիւններ Սեփական Ժողովրդի Ոչնչացման Մասին» եւ «Մանկաբարձների Եւ Գինելոկների Անդրկովկասեան 2րդ Համագումարի Նիւթերից» գրութիւնները, հայերէնով եւ անգլերէնով գիրքին ամփոփումը, աղբիւրները, ինչպէս նաեւ հեղինակին հայերէն եւ անգլերէն կենսագրութիւնը:

Գիրքը արդիւնք է երեք տարիներու բծախնդիր պրպտումներու եւ ուսում-նասիրութիւններու: Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան հաւաքած է հսկայական փաստագրական տեղեկութիւններ: Ան օգտագործած է 78 հայկական եւ ռուսական աղբիւրներ: Ան ոչ միայն արխիւներուն մէջէն գտած է այս տեղեկութիւնները եւ իրադարձութիւնները, այլ նաւ գտած է եւ տեսակցութիւններ ունեցած է բռնադատուած ու գնդակահարուած բժիշկներու ժառանգորդներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ:

Այս հարցազրոյցները դիւրին չեն եղած: Ժառանգորդներէն շատեր վախնալով չեն արտայայտուած, ուրիշներ տարիքի բերումով շատ բան չեն յիշած եւ կամ սխալ տեղեկութիւններ տուած են: Մատնիչներու եւ զրպարտիչներու ժառանգորդներուն եւ հարազատներուն հետ հանդիպումներուն, դէպքերուն, կենսագրականներուն մէջ բժիշկը խուսափած է հարազատներուն անունները յիշելէ: Ան նկատել կու տայ, որ մատնիչներուն եւ զրպարտիչներուն մեծ մասը Սթալինի մահէն ետք հրաժարած են իրենց ցուցմունքներէն, պատճառաբանելով, որ ձեռագիրները իրենցը չեն եւ կամ անոնք ըսած են, որ իրենք մատնութիւնները եւ զրպարտութիւնները ըրած են ճնշումի, ծեծի, խոշտանգումներու, ահաբեկութեան ենթարկուելէ ետք, կամ աքսորուելու սպառնալիքի տակ:

Բժիշկը, իրականացնելու համար այս աշխատանքը, ուսումնասիրած է Հայաստանի Ազգային արխիւի, «Յուշամատեան» հայկական պատմա-լուսանկարչական ընկերութեան եւ «Ուխտատուն» թանգարան-հաստատութեան արխիւները, ինչպէս նաեւ շատ մը հիմնարկներու եւ կազմակերպութիւններու ու անհատ քաղաքացիներու անձնական արխիւները: Ան օգտագործած է նաեւ հանրագիտարաններ, կենսագրական, փաստագրական, յուշագրական, գեղարուեստական գրականութիւն եւ պարբերական մամուլը:

Բժիշկ Յարութիւն Մինասեան միակը եղած է, որ աշխարհ լոյս բերած է այս քստմնելի տեղեկութիւնները: Քիչեր քաջութիւնը ունեցած են խօսելու, գրելու, արտայայտուելու եւ ի յայտ բերելու այդ ժամանակահատուածի իրականութիւնները: Մինչեւ այս գիրքին հրատարակումը, խորհրդային տարիներուն իրապէս բռնադատուած, աքսորուած, աքսորավայրերու մէջ մեռած, գնդակահարուած եւ կամ անհետ կոռած տասնեակ հազարաւոր հայորդիներու անուանացանկը չէ յայտնաբերուած:

Ան հաւաքած է աւելի քան 270 կենսագրականները, սակայն այս գիրքին մէջ տեղադրած է միայն 111ը: Ան տարած է վիթխարի աշխատանք: Կարելի է նկատել զինք այդ ժամանակաշրջանի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող իրաւ հայ մարդը:

Բռնադատուածները ենթարկուած են քաղաքական բռնաճնշումներու, աքսորի եւ գնդակահարումի: Այս իրադարձութիւնները տեղ գտած են եւ արձանագրուած են ԽՍՀՄ պետական անվտանգութեան, ներքին գործերու եւ դատախազութեան արխիւներուն մէջ, որոնք այդ շրջանին անհասանելի եղած են, ետքը մասամբ մը յայտնաբերուած են:

Բռնադատուածներուն մեծ մասը իրենց աքսորավայրերուն մէջ աշխատած են որպէս բժիշկ եւ մեծ ծառայութիւններ կատարած են իրենց շրջապատին: Անոնք տարիներ ետք ազատ արձակուած են եւ վերադարձած իրենց ծննդավայրը եւ շարունակած են իրենց ասպարէզը: Շատեր իրենց աքսորավայրերուն մէջ ենթարկուած են տաժանակիր աշխատանքի եւ ուրիշներ մնացած են կալանքի տակ: Ոմանք ալ գնդակահարուած են:

Գիրքին մէջ կան անուանի եւ երեւելի անձնաւորութիւններու յիշատակելի անուններ: Հոն տեղադրուած են նաեւ այնպիսի անձերու անունները, որոնք այդ դաժան տարիներուն իրենց ամբողջ կեանքի ուժականութիւնը կուրօրէն գործածած են ի շահ Համայնավար կուսակցութեան եւ իրենց անձնական շահերուն համար խաղաղ մարդոց կեանքը չեն խնայած ու քանդած են անոնց ապագան:

Բժիշկ Մինասեանին նպատակը եղած է մարդոց կենսագրութիւններու միջոցաւ ցոյց տալ խորհրդային իշխանութեան դաժան ժամանակաշրջանին իրական վիճակը, թէ ինչպէս մէկ կամ մի քանի մարդոց բացայայտ կեղծ ցուցմունքի վրայ, առանց փաստերու մարդոց ձերբակալած են, բանտարկած են, աքսորած են, կամ գնդակահարած են: Գործադրուած են դաժան եւ անմարդկային միջոցառումներ հարիւրաւոր անմեղներու վրայ, որպէսզի խոստովանին իրենց չկատարած յանցանքները:

Ահաւասիկ բռնադատուածներու կենսագրութիւններուն մէջ յիշատակուած ձերբակալութիւններու եւ դատապարտութիւններու պատճառաբանութիւններէն օրինակներ․

 – Նախկին կամ ներկայ դաշնակցական.

 – Դաշնակցական ընտանիքի անդամ.

 – Ժողովուրդի թշնամի.

 – Թրքահպատակ ըլլալով, խորհրդային քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու ուշացում.

 – Հեռաւոր ազգականի մատնութեամբ՝ նախկին դաշնակցականի ժառանգորդ.

 – Իմացած է սակայն պետութեան չէ տեղեկացուցած դաշնակցական ընդյատակեայ կազմակերպութեան գոյութեան մասին, համագործակցած է դաշնակներու հետ, կազմակերպած է հակասովետական զինուած խմբակ:

  – Հակայեղափոխական եւ հակախորհրդային գործունէութեամբ զբաղած է.

 – Արտասահմանեան լրտես.

 – Խորհրդային երկիրը վարկաբեկող.

 – Իր տան մէջ արգիլուած դաշնակցական գրականութիւն պահող, գործօն դաշնակցական գործիչներու հետ կապեր պահող, խորհրդային կարգերը տապալելու աշխատանքներու մասնակցող:

 – Ատրպէյճանցի բնակչութեան նկատմամբ ատելութիւն ունեցող, հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ ատելութիւն սերմանող։

111 կենսագրականները ներկայացուած են 1էն 5 էջերով: Այս բռնադատուածներուն մեծամասնութիւնը եղած են հմուտ, մասնագէտ բժիշկներ, հանրային ծառայողներ եւ ազգային գործիչներ:

Բռնադատուած հայ բժիշկները մէկ պզտիկ մասնիկն են այդ ժամանակահատուածին մէջ սթալինեան բռնապետութեան ընթացքին հարիւր հազարներով բռնադատուած, գնդակահարուած եւ սպաննուած Հայաստան աշխարհին մէջ ապրող անմեղ հայորդիներուն: Այս առնչութեամբ խիստ կարեւոր կը գտնեմ գիրքի վերջաւորութեան տեղադրուած «Վկայություններ Սեփական Ժողովրդի Ոչնչացման Մասին» գրութիւնը: Ահաւասիկ այդ գրութիւնը․

«1937թ. Յուլիսի 2ին Ստալինի ստորագրութեամբ հրապարակուեց Համամիութենական կոմունիստական (բոլշեւիկեան) կուսակցութեան Կենտրոնական կոմիտէի որոշումը «ժողովրդի թշնամիների» նկատմամբ զանգուածային հալածանքների, բանտարկութիւնների, գնդակահարութիւնների մասին, որոնք անյապաղ կիրառուեցին սեփական ժողովրդի նկատմամբ: Այդ հրէշաւոր որոշման համաձայն, միայն մէկ ամսուն հալածանքների ենթարկուեցին 268,900 մարդ, որից 75,950ը գնդակահարուեցին:

Սակայն զարմանալին այն է, որ այս թուերը կուսակցական եւ ներքին գործերի մարմինների աշխատակիցների համար քիչ թուացին, եւ նրանք շարունակեցին կատարել իրենց սեւ գործը` Կրեմլին խնդրելով թոյլ տալ աւելացնել զոհերի թիւը:

Այսպիսով 1937թ. Յուլիսից սկսած մարդկանց կոտորածը երկարացուեց եւս 15 ամսով, սեփական ժողովրդից խլելով լրացուցիչ հազարաւոր կեանքեր:

Կուսակցութեան եւ պետութեան կազմակերպած բռնութիւնների «տեխնոլոգիան» զարմանալիօրէն պարզ էր: Հանրապետութիւնների, երկրամասերի, մարզերի, ղեկավարները դիմում էին Քաղբիւրօ, մատնանշելով, որ «ժողովրդի թշնամիները» դերեւս ի սպառ չեն վերացրել եւ խնդրում են թոյլ տալ խոշտանգել Կրեմլի կողմից սահմանուած թուից աւելի մարդկանց: Կարծես «սոցիալիստական մրցութիւն» էր ընթանում, թէ ով աւելի շատ եւ աւելի շուտ կը կը կոտորի սեփական երկրի մարդկանց:

ԽՍՀ Միութեան բոլոր ծայրերից դէպի Մոսկուա էին գնում նորանոր պահանջագրեր, որոնց բովանդակութիւնն այսպիսին էր. «խնդրում ենք թոյլ տալ առաջին կարգով (իմա` գնդակահարել) բռնարարքների ենթարկել 1000, 2000, 5000, 8000 մարդու»: Կան նաեւ երկրորդ կարգի (իմա` բանտարկելու) վերաբերեալ խնդրագրեր, որի համաձայն բեռնատար վագոններով դէպի Սիբիրի դժոխային համակենտրոնացման ճամբարներն էին ուղարկւում 100,000աւոր անմեղ մարդիկ: Եւ այդ թոյլտուութիւնները Կրեմլը չէր ուշացնում:

Ընթերցողի ուշադրութեան ենք ներկայացնում ԽՍԿԿ «Նախագահական» արխիւից հանուած բազմաթիւ փաստաթղթերից մէկը, որ առնչւում է Հայաստանին․

«Խիստ գաղտնի: Հայաստանի իրական զտման համար խնդրում ենք թոյլ տալ լրացուցիչ գնդակահարել 700 մարդ` դաշնակցականներից եւ հակասովետական այլ տարրից: Թոյլտուութիւնը, որը տրուած էր առաջին կարգի 500 մարդու համար, արդէն սպառուած է: Միկոյեան, Մալենկով, Լիտվին: 22 Սեպտեմբերի 1937թ.»:

Պատասխանը․ «Խիստ գաղտնի: 24 Սեպտեմբերի, 1937թ: Հակասովետական տարրերի մասին թոյլատրել Հայաստանի ԿԿին առաջին կարգի հետապնդուողների թիւը աւելացնել 1500 մարդով: ԿԿ քարտուղար»:

Այս որոշումը անմիջապէս ուղարկուել է Երեւան եւ յաջորդ օրն իսկ սկսուել է գնդակահարութիւնների նոր ալիքը:

Ըստ «Ազգ» (11-07-1992) եւ «Երկիր» (11-07-1992) թերթերի»։

Վերոյիշեալ գրութեան մեկնաբանութիւնները կը ձգեմ ընթերցողներուն:

Այս գիրքը կը նկատեմ խիստ հետաքրքրական եւ կարեւոր:

Շնորհակալութիւն յարգելի գործընկեր բժիշկ Յարութիւն Մինասեան: Վարձքդ կատար: Գրիչդ անսպառ:

 

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան