image

Բոլոր զոհուած զինուորները ժամկէտային ծառայողներ էին

Բոլոր զոհուած զինուորները ժամկէտային ծառայողներ էին

Ազատ գիւղի տարածքին տեղակայուած ճարտարա-սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ բռնկած հրդեհի հետեւանքով զօրամասի վեց պարտադիր ժամկէտային զինծառայողներ եւ մէկ սպայ մարմնական վնասուածքներով, ժամը 02:00-ի սահմաններուն, տեղափոխուած են Գեղարքունիքի կայազօրային հիւանդանոց: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Գլխաւոր դատախազութիւնը։

«2023 թուականի յունուարի 19-ին, ժամը 05:15-ին, ՀՀ ՊՆ N զօրամասից Վարդենիսի Ռազմական ոստիկանութեան բաժին հեռախօսագիր է ստացուել, որ նոյն օրը՝ ժամը 01:30-ի սահմաններում, նշուած զօրամասի Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղում տեղակայուած շինութեան ներսում վառարանը ավտոբենզինով վառելու ընթացքում հրդեհ է բռնկուել:

Հրդեհի հետեւանքով անձնակազմից 15 պարտադիր ժամկէտային զինծառայողներ մահացել են: Նոյն զօրամասի վեց պարտադիր ժամկէտային զինծառայողներ եւ մէկ սպայ մարմնական վնասուածքներով, ժամը 02:00-ի սահմաններում, տեղափոխուել են Գեղարքունիքի կայազօրային հոսպիտալ:

ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 532-րդ յօդուածի 4-րդ մասի յատկանիշներով առերեւոյթ յանցագործութեան տարրերի առկայութեան փաստով կազմուած փաստաթղթերը 2023 թուականի յունուարի 19-ին ուղարկուել  են Քննչական կոմիտէի Զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան 5-րդ կայազօրային քննչական բաժին՝ հետագայ ընթացքը որոշելու համար:

Դէպքի վայրում կատարւում են հնարաւոր անհրաժեշտ գործողութիւնները, միջոցներ են ձեռնարկւում դէպքի հանգամանքներն ամբողջութեամբ պարզելու համար»,- նշուած է Դատախազութեան յայտարարութեան մէջ: