Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողները փակած են Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատան մուտքը։ Անոնք արդէն բաւական ժամանակ է` դիւանագիտական կառոյցի մօտ են եւ կը պահանջեն, որ որեւէ մէկը իջնէ ու վերցնէ իրենց դիմում–բողոքը։
Նշենք, որ «Արցախ», «Միացում», «Տէր ենք մեր հայրենիքին», «Արցախ, սփիւռք, Հայաստան» վանկարկումներով այսօր բողոքի ցոյցեր սկսած են Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողները։ Անոնք երթով հասած են ՄԱԿ–ի գրասենեակի մօտ, ուրկէ ալ գացած են ՀՀ–ի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատուն։
«Կանգնելու ենք այստեղ այնքան, մինչեւ գան եւ վերցնեն իրենց նամակը։ Ուղղակի որեւէ արկղի մէջ գցելը ճիշդ չէ»,–ըսած է ուսանողներէն մէկը։
Ուսանողները դիմում–բողոքին մէջ ներկայացուցած են Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական ճգնաժամը եւ այն, որ Ատրպէյճանը ցեղասպան քաղաքականութիւն կը վարէ արցախահայութեան դէմ։