image

Բռնաբարման հետեւանքով սպաննութիւն. 5 Տարեկան փոքրիկն Լինի պատմութիւնը ցնցած է ողջ Լիբանանը (Լուսանկար)

  Բռնաբարման հետեւանքով սպաննութիւն. 5 Տարեկան փոքրիկն Լինի պատմութիւնը ցնցած է ողջ Լիբանանը (Լուսանկար)

Շաբաթներ անցած են փոքրիկն Լին Թալէպի սպանութեան  դէպքէն, եւ սակայն անոր ազգականները, շրջանակը եւ խնդրէն տեղեակ լիբանանցիները  մտահոգութեամբ կը հետեւին ընթացող հետաքննութիւններուն։Կը նշուի, որ «Ատհա»ի տօնական օրերուն Լին տարուած է իր մօր մօտ, տրուած ըլլալով, որ անոր ծնողները ամուսնալուծուած են։ Մօր մօտ երթալէն մէկ օր անց  փոքրիկի հօր պարագաները կը զանգեն անոր եւ կը տեղեկացնեն, որ Լին մահացած է։

 

 Մահուան դէպքէն ետք Լինի բարեկամները որոշած են բժշկական քննութիւն իրականացնել, որմէ ետք ալ ի յայտ եկած է, որ 5 տարեկան փոքրիկը բռնաբարուած է, որուն հետեւանքով ալ մահացած։

Դէպքը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Լիբանանի Աքքար շրջանին մէջ, որմէ ետք ալ ծանր լուրը տարածուած է ողջ երկրին մէջ։ 

 Հետաքննութիւնները մինչեւ այս պահը կը շարունակուին եւ տարբեր աղբիւրներ կը խօսին, որ Լինի մահուան պատճառը անոր մօր  մերձաւորն է, իսկ մայրը  քանիցս  կանչուած է հարցաքննութեան։

 

Լուրը՝ Լիբանանեան  աղբիւրներէ։