image

Բնիկ քեսապահայ Նուպար Սաղտըճեանի մահը

Բնիկ քեսապահայ Նուպար Սաղտըճեանի   մահը

 

Օրերս Գանատայի Օնթարիոյ նահանգի Գէմպրիճ շրջանին , իր մահկանացուն կնքած է բնիկ քեսապահայ Նուպար Սաղտըճեան: 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի բարեկամներէն։

Նշենք, որ Նուպար Սաղտըճեան, 69 տարեկանին, կեանքէն հեռացած է  28 ապրիլ, 2024-ին Օնթարիոյ Քրիդչնըր քաղաքի Grand River հիւանդանոցին մէջ, շրջապատուած իր ընտանիքով եւ ընկերներով:

 Հանգուցեալը ծնած է 1 օգոստոս, 1954-ին, Պէյրութ Լիբանան, ծնողները՝  Տիրան եւ Ազնիւ Սաղտըճեաններ: Իր մանկութեան մեծ մասը անցուցած է Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտքը գտնուող իր սիրելի  Քեսապ գիւղին  մէջ: 1968-ին, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Գանատա եւ կարճ ժամանակ ետք  հաստատուած Քէպէքի Լաւալ քաղաքը, ապա դարձած Օնթարիոյ նահանգի Գէմպրիճ քաղաքի ցմահ բնակիչ։

Ան լիարժէք ապրած է իր կեանքը եւ առիթը ունեցած ընելու այն ինչ որ կը սիրէր ինչպէս՝  որսորդութիւն, ձկնորսութիւն, կոլֆ, փոքեր, ճամբորդութիւն եւ ամէնէն կարեւորը ստեղծել յիշողութիւններ իր թանկարժէք ընտանիքին եւ սիրելի ընկերներուն հետ:

Նուպար միշտ օգնած է բոլորին: Եթէ որեւէ  բան ընել ուզէիր կամ օգնութեան կարիք ունենայիր, ան միշտ հասած է աջակցութեան: Եղած է Գէմպրիճի ՀՄԸՄ գործադիր վարչութեան անդամներէն եւ գործօն անդամ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ։ 

 Հանգուցեալի ծնողները՝ Ազնիւն ու Տիրան մահացած են։ Ան սիրող ամուսին էր իր կնոջ՝ Արտեմիսին. նուիրուած հայր՝ Մոնիքին, Դալարին (Պրեան), Լարային (Ճէյսըն), պաշտուած մեծ հայր (պապուկ) Օլիվիային եւ Միլային, նուիրուած եղբայր Կարիին (Անի), սիրող հօրեղբայր Թալինին (Տէյվ), Լեւոնին (Մեկըն), ուրախ պապուկը Քալիին, Լայլային, Չարլիին, Պելլային եւ Շանթին: Ան նաեւ յարգուած ընկեր էր Ռէյ Քասամանեանին, Միսաք Վարդանեանին, Լեւոն Ճէօքճեանին, Մհեր Պետերեանին եւ Նաթան Ռիտին: Իր բազմաթիւ զարմիկները զինք պիտի կարօտնան՝ Զեփիւռը, Ցոլինը եւ անոնց ընտանիքները, յատկապէս իր զարմիկ՝ Սամը, որ իր եղբօր նման էր, անոր կինը՝ Սիլվան եւ դուստրը՝ Շուշին, իր  աներձագը՝ Սագօն: Զինք պիտի կարօտնան նաեւ ընկերներն ու բարեկամները թէ՛ հայ համայնքէն, թէ՛ Գամպրիճէն եւ թէ՛ ընդհանրապէս աւելի մեծ շրջանակներէն: 

Ընտանիքը ցաւակցութիւնները ընդունած է 3 Մայիս, 2024-ին, Գամպրիճի  Քորպէթ սգոյ տան մէջ. յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է այնտեղ 4 մայիս 2024-ին, ժամը 10:00-ին, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուած է Փարքլաուն գերեզմանատունը:

Ընտանիքի խնդրանքով, փոխան ծաղկեկողովներու նուիրատուութիւնները եղած են Գանատայի թոքային մանրաթելերու հիմնադրամին (Canadian Pulmonary Fibrosis Foundation)։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն: