image

Բերման ենթարկուած է Նուպարաշէնի ղեկավարի օգնականը

Բերման ենթարկուած է Նուպարաշէնի ղեկավարի օգնականը

Յունուար 27-ին, ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան Նուպարաշէնի բաժնի ծառայողները՝ բաժնի պետ Կարէն Յովհաննիսեանի եւ ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան Պարեկային ծառայութեան Երեւան քաղաքի գունդի պարեկները՝ գունդի հրամանատար Անդրանիկ Իսախանեանի գլխաւորութեամբ ոստիկանութպան Նուբարաշէնի բաժին ստացուած տուեալներով իրականացուցած են գործողութիւն, որու հետեւանքով ալ ոստիկանութեան Նուպարաշէնի բաժին տեղափոխուած է Երեւանի բնակիչ 31-ամեայ Գրիգոր Խ-ն., յայտնած է shamshyan.com-ը։

Ոստիկանութեան Նուպարաշէնի բաժնէն ներս տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Գրիգոր Խ.-ն իր մօտ կը պահէ թմրամիջոց եւ հնարաւոր է, որ նաեւ կ՚օգտագործէ:

Պարզուած է, որ Գրիգոր Խ.-ն կը գտնուի Նուպարաշէնի 6-րդ փողոցին վրայ՝ իր վարած «Mercedes E350» մակնիշի մեքենայով:

Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով՝ ձերբակալուած Գրիգոր Խ.-ն ոստիկաններուն եւ պարեկներուն յայտնած է, որ ինքը կ՚աշխատի Նուպարաշէն վարչական շրջանի ղեկավարի օգնական-պարետ: