image

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը՝ Գամիշլիի մէջ

Բերիոյ  Թեմի Առաջնորդը՝  Գամիշլիի մէջ

Օրերս, Գամիշլիի մէջ շնորհաւորական ընդունելութիւն կատարուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի արքութեան տիտղոս ստանալուն առթիւ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Բերիոյ Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Շաբաթ, 1 Յունիս 2024-ի երեկոյեան, Գամիշլիի մէջ յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի փողերախումբին ու դպրաց դասին գլխաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան ուղղուեցաւ դէպի Փոխանորդարանի շրջաբակ, ուր Գամիշլիի հայ համայնքը, գլխաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպած էր շնորհաւորական ընդունելութիւն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով Արքութեան տիտղոս ստանալուն ուրախ առիթով։  

Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայ Կաթողիկէ, Արաբ Աւետարանական, Քաղդէացի եւ Ասորի Ուղղափառ համայնքներու ներկայացուցիչներ, Արժ. Տ.Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Յարաբերական մարմինի անդամներ, Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամներ, Ճեզիրէ շրջանի Թաղական Խորհուրդները, դպրաց դասերը, կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերը, ՍՕ Խաչի Գամիշլիի «Արցախ» մասնաճիւղի, ՍՕ Խաչի Հասիչէի «Լոռի» մասնաճիւղի, ՍՕ Խաչի Տէրիքի «Սարդարապատ» մասնաճիւղի, ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի, Համազգայինի «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղի, ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի վարչութիւնները, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Զաւարեան» մասնաճիւղի Վարիչը եւ դաստիարակ կազմը, Ազգ. Եփրատ, Ազգ. Միացեալ Միջնակարգ եւ Երկրորդական վարժարաններու տնօրէնները եւ հոգաբարձութեան կազմերը, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ աղքատախնամը եւ եկեղեցասիրաց տիկնաց յանձնախումբը։ 

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ Ճեզիրէի հայութեան անունով շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով։ Ան՝ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի թաղական խորհուրդներուն հետ Սրբազան Հօր նուիրեց եպիսկոպոսական փիլոն, պանակէ, խաչ եւ ակնակուռ մատանի։

Խօսք առին Հայ Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Գերպ. Տ. Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան եւ Արաբ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Ֆիրաս Ֆարահ, որոնք շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին Սրբազան Հօր, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ երկար տարիներու օրհնաբեր ծառայութիւն։

Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան խօսք առնելով իր ուրախութիւնը յայտնեց հովիւ-հօտ այս գեղեցիկ հանդիպումին համար եւ յայտնեց, որ բոլորին միատեղ աշխատանքով Թեմը առաւել կը պայծառանայ։

Սրբազան Հայրը ողջունելով գամիշլիահայութեան ներկայացուցիչները, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եւ գնահատեց անոնց։ Ան յայտնեց, որ առաւել ծառայութեան հրաւիրուելով միասնաբար մեր լաւագոյնը պէտք է տանք։ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած ժողովուրդի զաւակներուն բարօրութեան եւ միութիւններու բարեյաջող գործունէութեան համար։ 

Աւարտին, ՍՕ Խաչի Գամիշլիի «Արցախ» մասնաճիւղին կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։