image

Մահացած է Գամիշլիի յարգուած ազգայիններէն՝ բժիշկ Սերոբ Ազատեանը

 Մահացած է Գամիշլիի  յարգուած  ազգայիններէն՝  բժիշկ Սերոբ Ազատեանը

Գամիշլիի մէջ մահացած է յարգուած ազգայիններէն՝ բժիշկ Սերոբ Ազատեանը։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան տարածած գոյժէն։

1948-ին Հասիչէ ծնած հանգուցեալ Սերոբ Ազատեանը երկար շրջան եղած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Գամիշլի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան նախկին անդամ ապա Ատենապետ։

Ան իր մահկանացուն կնքեց 17 Յուլիս 2024-ին։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Գամիշլիի Ասորի Ուղղափառ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Հինգշաբթի, 18 Յուլիս 2024-ին, ժամը 11։30-ին