Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ (Հալէպ) Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեան օրերս կը գտնուի Երեւան։ Սրբազան հայրը իր այցելութեան շրջանակներուն մէջ հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին հետ եւ հանդիպումը տեղի ունեցած է Սուրիոյ Երեւանի դեսպանատան մէջ։
Ստորեւ ատոր մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան, Հայաստան գտնուելուն առիթով, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտ․ Նորա Արիսեանին։
Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Երեսփոխանական ժողովի նախկին անդամ Ռաֆֆի Աւետիսեան, Ազգ․ Վարչութեան նախկին անդամներ Գուրգէն Գալուստեան եւ Փիէռ Մուսալլի (այժմ երեքը Հայաստան բնակող եւ գործող), ինչպէս նաեւ հալէպահայ գործարար, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ Բենօ Պետրոսեան։
Հանդիպումի ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները եւ ներկայ մարտահրաւէրները։ Կողմերը յոյս յայտնեցին որ Սուրիան աստիճանաբար դէպի խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում կ՛առաջնորդուի, ուստի ամէն ջանք պէտք է թափել դրական այդ ճիգերուն զօրավիգ կանգնելու եւ Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները զարգացնելու համար։
Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Նորա Արիսեանին եւ գնահատեց իր տարիներու աշխատանքը եւ ներկայ ջանքերը՝ յանուն երկու հայրենիքներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան ի խնդիր։
Մակար սրբազան անդրադարձաւ այս իշխանութեան օրով արձանագրուող վերջին օրերու բարելաւումներուն՝ ծառայողական, ապահովական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ։ Այնուհետեւ զեկուցեց բազմաթիւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ Եագուպիէ կատարուած ուխտագնացութեան մասին, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց համայնքի զաւակներուն մօտ։ Սրբազան հայրը յոյս յայտնեց, որ Սուրիան, իր ժողովուրդի միասնութեամբ, քայլ առ քայլ կը թօթափէ իր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու կ՛առաջնորդուի դէպի խաղաղ ու ծաղկուն ապագայ։
Դոկտ․ Նորա Արիսեան իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց թեմի եւ սուրիական հայրենիքի ծառայութեան իր առաքելութեան մէջ։
Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, կառուցողական միտքերու փոխանակումով։