image

Նիկոլ Փաշինեանը վերընտրուած է ՔՊ Վարչութեան նախագահ․ յայտնի է Վարչութեան նոր կազմը

Նիկոլ Փաշինեանը վերընտրուած է ՔՊ Վարչութեան նախագահ․ յայտնի է Վարչութեան նոր կազմը

Սեպտեմբեր 20-ին կայացած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան 7-րդ համաժողովի ընթացքին տեղի ունեցած են կուսակցութեան Վարչութեան, Վարչութեան նախագահի եւ Վերահսկող յանձնաժողովի ընտրութիւններ։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը հրապարակած է կուսակցութեան համագումարին վարչութեան անդամներու վերջնական ընտրութեան արդիւնքները:

Համաժողովի 917 մասնակիցներու քուէարկութեան արդիւնքով, ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ՝ 758 կողմ քուէով, կուսակցութեան Վարչութեան նախագահ վերընտրուած է Նիկոլ Փաշինեանը։

Վարկանիշային քուէարկութեամբ ընտրուած է նաեւ կուսակցութեան Վարչութեան նոր, 20-հոգինոց կազմը։ Առաւելագոյն ձայներ ստացած թեկնածուներու ցանկը կը գլխաւորեն Գէորգ Պապոյեանը (707 ձայն), Վահագն Ալեքսանեանը (688 ձայն) եւ Սուրէն Պապիկեանը (665 ձայն)։

Վարչութեան ընտրուած անդամներն են՝

Փաշինեան Նիկոլ Վովայի – 826 ձայն

Պապոյեան Գէորգ Յարութիւնի – 707 ձայն

Ալեքսանեան Վահագն Յովիկի – 688 ձայն

Պապիկեան Սուրէն Ռաֆիկի – 665 ձայն

Կոնջորեան Հայկ Արսէնի – 648 ձայն

Յարութիւնեան Արայիկ Էդուարդի – 625 ձայն

Ռուբինեան Ռուբէն Կարապետի – 606 ձայն

Թորոսեան Արսէն Գէորգի – 596 ձայն

Պետրոսեան Ռոմանոս Վանիչկայի – 567 ձայն

Խուդաթեան Դաւիթ Յովհաննէսի – 562 ձայն

Սիմոնեան Ալեն Ռոբերտի – 527 ձայն

Ղազարեան Ալխաս Աղաբեկի – 513 ձայն

Ջուլհակեան Արուսեակ Թովմասի – 439 ձայն

Գաբրիէլեան Վիլէն Կարէնի – 435 ձայն

Յակոբեան Յասմիկ Արմէնի – 434 ձայն

Սանոսեան Գնել Հենզելի – 432 ձայն

Աւինեան Տիգրան Արմէնի – 422 ձայն

Խաչատրեան Արմէն Էդմոնդի – 420 ձայն

Բաղդասարեան Նազելի Հրաչի – 416 ձայն

Մանաւազեան Արուսեակ Լեւոնի – 405 ձայն

Վարչութեան կազմին մէջ չեն ընտրուած առաջադրուած 41 թեկնածուներէն 21-ը, այդ շարքին՝ Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեանը, ԵԿՄ վարչութեան նախագահ Սասուն Միքայէլեանը, Երեւանի փոխքաղաքապետ Արմէն Փամբուխչեանը, Լոռիի մարզպետ Արէն Մկրտչեանը եւ այլն։

Կուսակցութենէն յայտնած են, որ ընտրութիւններու արդիւնքներու բողոքարկման համար սահմանուած 24 ժամուան ընթացքին դիմումներ չեն ստացուած, որու արդիւնքով արձանագրութիւնները կը համարուին վերջնական։ Համաժողովին մասնակցելու իրաւունք ունէր 974 անձ։