Ասթանայի մէջ իր ունեցած բարձր մակարդակի շփումներու ծիրէն ներս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցած է Իսլամական կառոյցներու խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարին հետ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝
Ղազախիստանի գագաթնաժողովին մասնակցութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Իսլամական երկիրներու Կառոյցներու Ընդհանուր Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դատաւոր Մուհամմէտ Ապտ Ալ-Սալամ: Իսլամական աշխարհին մէջ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ յիշեալ խորհուրդը՝ կեդրոն ունենալով Գահիրէն ու Ապու Տապին: Խորհուրդին մաս կը կազմեն իսլամական զանազան կառոյցներու պատասխանատու աստուածաբաններ, գիտնականներ եւ փրոֆէսորներ: Ան նաեւ հանդիպումներ կը կազմակերպէ միջ-իսլամական եւ միջ-կրօնական հարցերու առնչուած:
Յիշեալ հանդիպումը պատեհութիւն ընծայեց Հայրապետին ո՛չ միայն շեշտելու միջ-կրօնական յարաբերութեանց ու գործակցութեանց աճող անհրաժեշտութիւնը, այլեւ անոր նոր ծաւալ տալու հրամայականը: Նորին Սրբութիւնը նկատի առնելով իսլամական երկիրներու մէջ հայ համայնքներու ներկայութիւնը՝ յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատրաստակամութիւնը՝ մասնակից դառնալու խորհուրդին աշխատանքներուն, մանաւանդ միջ-կրօնական հանդիպումներու ու աշխատանքներու շրջագիծէն ներս: Նկատի ունենալով, որ խորհուրդի կեդրոններէն մէկը կը գտնուի Ապու Տապիին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը նշանակեց մեր Սուրբ Աթոռին ներկայացուցիչը խորհուրդին մօտ։
Հանդիպման աւարտին, դատաւոր Մուհամմէտ Ապտ Ալ-Սալամ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը մասնակցելու եւ իր խօսքը ուղղելու Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին խորհուրդին կողմէ կազմակերպուելիք Կազայի հարցին շուրջ Գահիրէի մէջ կայանալիք կարեւոր հաւաքին։