Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալած է «SALT» բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Երեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց «SALT» բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչներ՝ հիւսիսային շրջանի տնօրէնուհի երէցկին Սառա Տողրամճի եւ տիար Ռոպէր Շալապի։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Նպաստից Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յարութ Հայրապետեան։
Հաստատութեան պատասխանատուները համագործակցութեան ոգիով պատրաստակամութիւն յայտնեցին ըստ կարելւոյն որեւէ ծրագիրով օգտակար դառնալու համայնքին։
Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հաստատութեան պատասխանատուներուն գլխաւորութեամբ տարուող աշխատանքը, օրհնեց եւ աստուածային առաջնորդութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ գործունէութիւններուն։