image

Բերձորի մոլորած բնակիչը վերադարձուեցաւ

Բերձորի  մոլորած  բնակիչը վերադարձուեցաւ

Մոլորած եւ ատրպէյճանական կողմը յայտնուած բերձորցի 69-ամեայ բնակիչը խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ վերադարձուեցաւ հայկական կողմին: Այս մասին յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 1 Յունիսին, ոստիկանութեան հերթապահութիւնը հաղորդում ստացաւ Բերձոր քաղաքի 69-ամեայ բնակիչ Ա. Ա.ի անհետ կորսուելուն մասին:

Ոստիկանութեան Քաշաթաղի շրջանային բաժինի եւ Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան զօրակազմի ծառայողներուն կատարած որոնողական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք պարզուեցաւ, որ վերջինս մոլորած եւ յայտնուած է ատրպէյճանական կողմը:

Խաղաղապահներու միջնորդութեամբ տարուած բանակցութիւններուն շնորհիւ, 9 Յունիսի կէսօրուան ժամը 12-ի շուրջ, քաղաքացին փոխանցուեցաւ ոստիկանութեան Քաշաթաղի շրջանային բաժինի ծառայողներուն: