image

Բայրամով փակագիծեր բացած է 2018-2019-ին տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ բանակցութիւններէն

Բայրամով փակագիծեր բացած է 2018-2019-ին տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ բանակցութիւններէն

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը տեղական իշխանական լրատուամիջոցին տուած հարցազրոյցին անդրադարձած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ 2018-2019-ին տեղի ունեցած բանակցութիւններու մանրամասնութիւններուն։

Պայրամով փակագիծեր բացած է Փաշինեան-Ալիեւ առաջին հանդիպման մասին, որ կայացած էր 2018-ի սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ: Պայրամովն ըսած է, որ այդ հանդիպման ժամանակ Ալիեւ բարձրացուցած է «ԼՂ հարցը լուծելու եւ ատրպէյճանական հողերն ազատելու անհրաժեշտութեան մասին»։ Պայրամովի խօսքով՝ Փաշինեանն այդ ժամանակ «բաւականին կառուցողական» դիրքորոշում ունեցած է՝ ըսելով, որ «անհրաժեշտ քայլեր պիտի ձեռնարկէ հակամարտութեան կարգաւորման համար» եւ խնդրած է հրադադարը չխախտել՝ որպէս լուծման աջակցող քայլ։

Պայրամովը նաեւ յայտնած է, որ 2019-ի մարտ 29-ին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջնորդութեամբ Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպման Նիկոլ Փաշինեանը «ամբողջութեամբ փոխած է իր դիրքորոշումը»։

Ըստ ատրպէյճանցի նախարարի՝ Փաշինեանը յայտարարած է, որ չի կրնար լուծել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը՝ նշելով, որ «եթէ այդ ընէնի, զինք կը սպանեն», եւ հռետորական հարց ուղղած է Ալիեւին. «Դուք կ՚ուզէ՞ք, որ զիս սպանեն»։

Ալիեւի պատասխանը, ըստ Պայրամովի, եղած է. «Ես ընդհանրապէս ոչ մէկու մահը կ՚ուզեմ, սակայն, այդ ոչ մէկ կերպ կրնայ արդարացում ըլլալ ատրպէյճանական հողերու շարունակուող բռնագրաւման համար»։

Յիշատակուած ժամանակաշրջանին Ճէյհուն Պայրամովը դեռ ԱԳ նախարար չէր: Այդ ժամանակ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարն Էլմար Մամետեարովն էր:

Պայրամովը նաեւ պատմած է, որ 2020-ի պատերազմի ժամանակ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը սպառնացած է Պաքուին՝ ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: