image

Բարի լուր Պէյրութէն. Լոյս աշխարհ եկած է Արէն-Կարապետ Մխիթարեանը (Լուսանկար)

 Բարի լուր Պէյրութէն. Լոյս աշխարհ եկած է Արէն-Կարապետ Մխիթարեանը  (Լուսանկար)

 Պէյրութէն բարի լուր մը ստացանք։

Օրերս ուրախութեամբ պատուած է Կարէն եւ Ծիլա Մխիթարեաններու օճախը, որովհետեւ անոնք բախտաւորուած են առջինեկ զաւակով մը՝ Արէն- Կարապետ։

Նշենք, որ նորակազմ ընտանիքը մասնաւորապէս Կարապետ անունով կոչած է իրենց որդին ի յիշատակ Կարէնի մեծ հօր, պէյրութահայ շրջանակներուն մէջ քաջածանօթ անուն հանդիսացող Կարապետ Մխիթարեանին։

 

 Ցանկացած ափի վրայ նոր կազմուող հայ ընտանիքի ու հետեւաբար այդ ընտանիքին նոր զաւակով մը պարգեւուիլը մեզի համար, իբրեւ հայութիւն, ոչ միայն ուրախութիւն է, այլ նաեւ նոր յոյսի առիթ, մանաւանդ այս օրերուն, երբ բոլորս կը սպասենք բարի լուրերու։

 

 Խնդակցութիւններ։