image
Հրատապ լուրեր:

Բարի լուր Լոս Անճըլսէն. Ազգային բարերար Մայք Սարեանի նշանախօսութիւնը (Տեսանիւթ, Լուսանկար)

Բարի լուր Լոս Անճըլսէն. Ազգային բարերար Մայք Սարեանի նշանախօսութիւնը (Տեսանիւթ, Լուսանկար)

  Ըլլալով հայրենասէր անձնաւորութիւն, ան չէ մոռցած իր նիւթական աջակցութիւնը ցուցաբերել, թէ տեղի համայնքն, թէ հայրենիք՝ Հայաստանին ու թէ ալ իր սիրելի ծննդավայր՝ Լիբանանին։

Օրերս Լոս Անճըլսէն բարի լուր ստացանք։

Ազգային բարերար եւ Լոս Անճելըսի հայկական համայնքին մէջ յարգուած անձնաւորութիւն՝ Մայք Սարեան իր նշանախօսութիւնը կնքած է հայուհի Էվէլինա Պօղոսեանին հետ։

Նշենք, որ նշանախօսութեան խորհուրդը կատարած է Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը, ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու, ազգականներու, եւ բարեկամներու լայն շրջանակի մը։

 Մայք Սարեան, որ յայտնի անուն է Գալիֆորնիոյ նահանգի առողջապահական ոլորտին մէջ շնորհիւ իր ճարտարութեան կարողացած է մեծ յաջողութիւններու հասնիլ։

Ըլլալով հայրենասէր անձնաւորութիւն, ան չէ մոռցած իր նիւթական աջակցութիւնը ցուցաբերել, թէ տեղի համայնքն, թէ հայրենիք՝ Հայաստանին ու թէ ալ իր սիրելի ծննդավայր՝ Լիբանանին։

 Միայն օրինակ մը ներկայացնելով, արձանագրենք, որ ան վերջերս Կիւմրիի մէջ կարեւոր բարերարութիւն մը կատարեց, ինչպէս նաեւ դրամական կարեւոր յատկացումներ կատարեց Պէյրութի եւ Հալէպի Ազգային Առաջնորդարաններուն, որոնք իրենց կարգին նուիրատւութիւնը յատկացուցին  տեղի մեր վարժարաններու կարիքաւոր սաներուն։

 

 Կը շնորհաւորենք Մայք Սարեանը այս գեղեցիկ առիթին համար, մաղթելով անոր մշտատեւ յաջողութիւններ եւ պայծառ օրեր։