image

Բարերարները բնակարան են գնել Երեւանում հաստատված սիրիահայ ընտանիքի համար

Բարերարները բնակարան են գնել Երեւանում հաստատված սիրիահայ ընտանիքի համար

Երեւանի մէջ հաստատուած սուրիահայ Անժելա Աճէմեանն ու անոր երեք երեխաներն այուհետեւ վարձով պիտի չբնակին: Բարերար Նարինէ Դաւթեանի գլխաւորութեամբ, հիմնական Ռուսաստան բնակող խումբ մը նուիրատուներ գումար հաւաքած են եւ բնակարան գնած պատերազմի պատճառով Հայաստան տեղափոխուած ընտանիքին համար: Բնակարանն այս պահուն կը նորոգուի եւ մէկ ամիսէն ընտանիքը պիտի տեղափոխուի կահաւորուած տուն: Նարինէ Դաւթեանը յաջողած է հովանաւորներ գտնել նաեւ նորոգման եւ տան կահաւորման համար:

Նշենք, որ մէկ տարի առաջ Նարինէ Դաւթեանի նախաձեռնութեամբ բնակարան գնուած է նաեւ սուրիահայ մէկ այլ ընտանիքի՝  Թամար եւ Պաղտասար Սարգսեաններու համար, որոնք նոյնպէս երեք երեխայ ունին: 

Անժելա Աճէմեանի ընտանիքը Սուրիոյ պատերազմի ժամանակ անցած է դաժան ճանապարհով. անոր ամուսինին եւ վերջինիս հօրը առեւանգած եւ կրօնափոխ չըլլալու համար սպաննած են: Ծանր ապրումներէն ետք Անժելան կրցած է երեխաներու հետ հասնիլ Հայաստան: