image

Մեր Ուսուցիչները` մեր բարերարները

Մեր Ուսուցիչները` մեր բարերարները

Պէտք է յիշենք բոլորը` հիներն ու նորերը:

Հիները, որոնք թէ՛ ուսուցիչ եղան, եւ թէ ալ, աւելի ուշ, պատասխանատու պաշտօններու վրայ գտնուելով պաշտպանեցին հայ դպրոցն ու հայ ուսուցիչը:

Նորերը, որոնք մինչեւ այսօր, հակառակ դժուար պայմաններուն եւ անբաւարար եկամուտներուն, կը մնան լուռ «ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ» մեր ազգին, համայնքին ու կրթական հաստատութիւններուն:

Այո՛ սիրելիներ, ես միշտ ըսած եմ` մեր ուսուցիչները մեր կրթական հաստատութիւններուն միակ, մնայուն եւ գլխագիր բարերարներն են թէ՛ նիւթական, եւ թէ բարոյական առումով:

 

Կար ժամանակ, երբ պատերազմի դժուար պայմաններու մէջ էինք, ամիսներով կարելի չէր ըլլար ուսուցիչներու աշխատավարձ տալ, ապահովական վտանգաւոր վիճակ էր, անոնք կ՛երթեւեկէին իրենց կեանքը վտանգելով, բայց մեր ուսուցիչները` սերունդներ պատրաստելու առաքելութեան ամուր կառչելով եւ հայ դպրոցին ու գաղութի զօրութեան նկատմամբ խոր հաւատքով, ինչպէս նաեւ իրենց անձնական օրինակով ապագայ սերունդներ դաստիարակելու առաքելութեան կոչում ունէին:

Կար ժամանակ, երբ առաջնորդարանի պատասխանատուները անձամբ պատսպարաններուն մէջ  ուսուցիչին ամսականը կը հասցնէին, որպէսզի ուսուցիչը զգայ ու գիտակցի, որ առանձին չէ եւ կը գնահատուի աշխատանքին համար:

Անցան այդ տարիները: Մենք այդ ուսուցիչներուն օրինակով հասակ նետեցինք:

Եկան պայծառ օրեր, բայց միշտ հայ դպրոցը մնաց տագնապալի` թիւով, նիւթականով, զօրակցութեան, օժանդակութեան եւ տարբեր երեսներով:

Այսօր ալ կան տագնապներ: Ինչ ալ ըլլայ, ինչ ալ ընենք, դեռ շատ հեռու ենք գոհացում տալէ հայ ուսուցիչին` իր կատարած նուիրումին դիմաց:

Հայ ուսուցիչը, ինչպէս օրիորդ Մանուշակ Պոյաճեանը կ՛ըսէր, «Ծով համբերութիւն» կ՛ուզէ, որ տոկայ: Տոկացած է իր լուռ, գիտակից, ազգանուէր, անանձնական, առաքելութեան հաւատարիմ սկզբունքներով:

Պէտք է յիշենք բոլորը` հիներն ու նորերը:

Հիները, որոնք թէ՛ ուսուցիչ եղան, եւ թէ ալ, աւելի ուշ, պատասխանատու պաշտօններու վրայ գտնուելով պաշտպանեցին հայ դպրոցն ու հայ ուսուցիչը:

Նորերը, որոնք մինչեւ այսօր, հակառակ դժուար պայմաններուն եւ անբաւարար եկամուտներուն, կը մնան լուռ «ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ» մեր ազգին, համայնքին ու կրթական հաստատութիւններուն:

Այո՛ սիրելիներ, ես միշտ ըսած եմ` մեր ուսուցիչները մեր կրթական հաստատութիւններուն միակ, մնայուն եւ գլխագիր բարերարներն են թէ՛ նիւթական, եւ թէ բարոյական առումով:

Մենք միայն յարգանք ու ակնածանք ունինք մեր ուսուցիչներուն հանդէպ: Ամէն մէկ ուսուցիչ իր կարգին պէտք է այս գիտակցութեամբ եւ մօտեցումով կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնը:

Բարի ուսուցչաց տօն:

Աւելի լաւ տարիներու բաղձանքով:

 

Յակոբ Լատոյեան

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն