image

Մահացած է Տօքթ. Արմէն Գաւուքճեան. Հանգուցեալը ատենադպիրն էր Աղեքսանդրիոյ Թեմական Ժողովին

 Մահացած է Տօքթ. Արմէն Գաւուքճեան. Հանգուցեալը ատենադպիրն էր Աղեքսանդրիոյ Թեմական Ժողովին

Օրերս Աղեքսանդրիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի յարգուած անդամներէն՝ Տօքթ. Արմէն Գաւուքճեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Աղէքսանդրիոյ հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծխատէր քահանայ Արժ. Տ. Գրիգոր քհնյ. Մուրատեանի գրառումէն։

Տէր Հայրը մասնաւորապէս գրած էր՝ 

Յարգելի հայրենակիցներ,

Աղեքսանդրիոյ Պատկառելի Թեմական Ժողովը

Խոր ցաւով կը գուժէ մահը իր երկարամեայ անդամին եւ Ատենադպիրի՝

ՏՈՔԹ. ԱՐՄԷՆ ԳԱՒՈՒՔՃԵԱՆԻ

Ազգային յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝

Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2024-ին

Կէսօրէ Ետք ժամը 3:00-ին տեղւոյս Ս. Պօղոս-Պետրոս Եկեղեցւոյ մէջ:

Ցաւակցութիւնները եւ հոգեսուրճ՝

Կ. Ե. ժամը 6.00-8.00-ը Ազգ. Առաջնորդարանի Սրահին մէջ: