image

«Մի երկու քաղաք էլ կը գնանք, իսկ մնացած գործողութիւնները կը լինեն Երեւանում». Բագրատ սրբազան

«Մի երկու քաղաք էլ կը գնանք, իսկ մնացած գործողութիւնները կը լինեն Երեւանում». Բագրատ սրբազան

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման մասնակիցները պիտի շարունակեն այցելել Հայաստանի այլ քաղաքներ։ Գիւմրիի մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքի ժամանակ այս մասին յայտարարած է շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը։

Նա չէ ըսած, թէ որ քաղաքներ պիտի այցելեն եւ երբ։

«Դեռ մի երկու քաղաք էլ կը գնանք, իսկ մնացած գործողութիւնները կը լինեն Երեւանում»,–ըսած է սրբազանը։

Անոր խօսքով` շուտով պիտի յայտնեն մեծ հանրահաւաքի մասին, որ պիտի ըլլայ իրենց ըսելիքի ու ճշմարտութեան հանրագումարը։

Այսօրուան հանրահաւաքն աւարտած է «Նիկոլի փուչիկ խօսքերը» արշաւով։ Երիտասարդները պայթեցուցած են իրենց հետ բերած փուչիկները, որոնց վրայ գրուած էին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` տարբեր ժամանակներու հնչած յայտարարութիւնները, օրինակ` «Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ»։