image

«Ի տարբերութիւն բռնապետ Ալիեւի ռէժիմին Հայաստանը կանգնեցաւ արդարութեան կողքը». Ատրպէյճանցի աքթիւիսթ

«Ի տարբերութիւն բռնապետ Ալիեւի ռէժիմին Հայաստանը կանգնեցաւ արդարութեան կողքը». Ատրպէյճանցի աքթիւիսթ

Ի տարբերութիւն բռնապետ Ալիեւի ռեժիմի՝ Հայաստանը բռնեց արդարութեան կողմը։ Շնորհակալութիւն, Հայաստանին։ Այս մասին ընկերային էջերուն գրած է ատրպէյճանցի աքթիւիսթ Մանաֆ Ճալիլզատէն։

Յիշեցնենք, որ յունիս 21-ին Հայաստանը ճանչցաւ Պաղեստին պետութիւնը։

Ճալիլզատէն իր գրառումներէն մէկուն մէջ գրած է նաեւ. «Քանի մը օր առաջ ատրպէյճանական ոստիկանութիւնը Սումկայիթի ոստիկանութեան բաժնէն ներս դաժանօրէն խոշտանգած եւ սպանած է  Էլվին Իսքենտերով անունով երիտասարդ մը։

Ոստիկանները խոշտանգումներու հետեւանքով սպանած Էլվինի մօտ սրտի կաթուած ախտորոշած են։ Թեռորպայճան կոչուող երկրի մէջ ոստիկանները կը սպանեն որուն խելքերնին փչէ, եւ ատոր համար բանտ չեն նստեցներ, քանի որ Ալիեւ ոստիկաններուն յայտարարած է, որ երկրին մէջ կարելի է որեւէ չարագործութիւն կատարել։

Ատրպէյճանի մէջ սահմանուած կարգ դարձած է, որ ոստիկանները մարդ սպանեն։ Հէյ, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ, ինչքա՞ն գումար ստացած էք Ալիեւի այս վայրագութիւններու վրայ աչք փակելու համար»,-գրած է Ճալիլզատէն։