Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին այսօր պիտի մասնակցին հայ- վրացական սահմանին «Դեբեդ» գետի վրայ նոր մեքենաներու «Բարեկամութիւն» կամուրջի բացման պաշտօնական արարողութեան։ Այս տեղեկութիւնը «Արեւելք»ին յայտնած են կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն։
Կամուրջի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ժամը 14:00-ին:
5 Օգոստոսէն տեղի կ'ունենայ կամուրջի փորձնական գործարկումը:
Յիշեցնենք` կամուրջի շինարարութիւնը մեկնարկած է 2021-ի մայիսին։
Կառոյցը բաղկացած է իրարմէ 1 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող երկու զուգահեռ կամուրջներէ, իւրաքանչիւր կամուրջի լայնութիւնը 11.85 մ է, երթեւեկելի հատուածի լայնութիւնը՝ 8.35մ, իւրաքանչիւր կամուրջի երկարութիւնը՝ 160 մ:
Կամուրջի կառուցման արժէքը ինը միլիոն եուրօ է, Հայաստանը եւ Վրաստանը 50/50 ֆինանսաւորած են այն՝ տրամադրելով չորսուկէսական միլիոն եուրօ։