image

Բարեջան Առաջնորդի հանդիսապետութեամբ. Նշուած է Էնսինոյի Ս. Նահատակաց հոգեւոր տան 60-ամեակը

  Բարեջան Առաջնորդի  հանդիսապետութեամբ. Նշուած է Էնսինոյի Ս. Նահատակաց հոգեւոր տան  60-ամեակը

Օրերս  Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդի հանդիսապետութեամբ նշուած է Էնսինո շրջանի  Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր տան  հիմնադրման 60-ամեակը։

Այս մասին կը «Արեւելք» տեղեկացաւ  Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Կիրակի, 5 Նոյեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, եպիսկոպոսական Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Հոգեւոր Տան օծման 60-րդ ամեակին առիթով:

Ս. Խորանին սպասարկեցին Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, Հոգաբարձութիւն, շրջանի Ազգ. երեսփոխաններ, պատկան մարմիններու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ, Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Ծաղկաւէտ Ս. խորանէն Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց եկեղեցւոյ օծման 60-ամեակին նուիրուած իր բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի քահանայական ձեռնադրութեան 30-ամեակը, ապա արտասանեց աւուր պատշաճի քարոզ, որուն բնաբանը վերցուած էր Յիսուս Քրիստոսի՝ եղբայրութեան մասին ուսմունքէն: Իր խօսքին մէջ ան դիտել տուաւ, որ քրիստոնէութիւնը մարդկային կեանքի մէջ ծաղկեցաւ, տարածուեցաւ եւ պայծառացաւ, որովհետեւ ջնջեց խտրականութիւնը մարդոց կեանքէն եւ հաւասարութիւն հաստատեց Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած բոլոր արարածներուն միջեւ: 

Յետ արարողութեան, առաջնորդական շքերթը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճ, ուր Առաջնորդ Սրբազանը մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: