image

Բախումներ պաղեստինեան «Թոպաս» քաղաքին մէջ. Կան տուժածներ

Բախումներ պաղեստինեան «Թոպաս» քաղաքին մէջ. Կան տուժածներ

Այսօր՝ Երեքշաբթի առաւօտեան, հրէական ուժերը Թոպաս քաղաք ներխուժած են, որու հետեւանքով վիրաւորուած են 6 երիտասարդներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է։

Լուսադէմին, Թոպաս քաղաքին ներխուժած հրեական ուժերու կիրառած փամփուշտներու, ձայնային ռումբերու, թունաւոր եւ արցունքաբեր կազերու արձակման պատճառով 6 խաղաղ բնակիչներ վիրաւորուած են։

Բժշկական աղբիւրներու փոխանցմամբ՝ Կարմիր մահիկի աշխատակիցները բժշկական օգնութիւն տրամադրած են երիտասարդի մը, որ կրծքավանդակէն կրակոցներ ստացած է եւ անոր վնասուածքը «վտանգաւոր» է, իսկ առճակատման ժամանակ վերջոյթներու վնասուածք ստացած են 5 վիրաւորներ: Բոլոր վիրաւորները տեղափոխուած են հիւանդանոց բուժման համար։

Նշենք, որ հրէական ուժերը ձերբակալած էին Թոպասի 6 երիտասարդներ, որոնցմէ 4-ը ազատ արձակուած բանտարկեալներ էին։