image

Բագրատ սրբազանի գլխաւորած շարժման կողմնակիցները մեքենաներու երթով շարժած են դէպի Գիւմրի

Բագրատ սրբազանի գլխաւորած շարժման կողմնակիցները մեքենաներու երթով շարժած են դէպի Գիւմրի

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամներն ու կողմնակիցները մեքենաներու երթով շարժած են դէպի Գիւմրի։

Երթին կը մասնակցին քանի մը տասնեակ մեքենաներ։

Բագրատ սրբազանը լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է, որ տրամադրուածութիւնը շատ լաւ է։

«Գնում ենք Գիւմրի, երեխաներին այցելենք, յետոյ էլ հանրահաւաք ունենք, ժողովրդի հետ կը հանդիպենք»,– ըսած է ան։

Նշենք, որ ժամը 18։00–ին Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան թատրոնի բակին մէջ մեծ հանրահաւաք պիտի ըլլայ։