Լիբանան- Մեծի Տանն Կիլիկոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի նախագահութեամբ այսօր Ժիպէյլի մէջ բացումը կատարուաղ է «Արամ Պէզիկեան» թանգարանին: Թանգարանին բացման ժապաւէնը կտրաղ է Լիբանանի մշակոյթի նախարար Րոնի Արայժի: Նշենք, որ բացման հանդիսութեան ներկայ եղած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան եւ ազգային, կրօնական ու քաղաքական ներկայացուցիչներ: Ուշագրաւ է, որ բացման հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերած է Մարոնիներու Րահի Պատրիարք ինչպէս նաեւ Ղըպտի եկեղեցւոյ Անապ Թէոտոդորս Պապը: Թանգարանը հիմնադրուած է Ճիպէյլի որբերէն Արամ Պէզիքեանի որդւոյն ՝ Ալէքքօ Պէզիկեանի նուիրուատութեամբ: Պէզիկեան տարբեր հիւրերու կողքին հանդէս եկած է խօսքով: Այս առթիւ խօսք առած է նաեւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան, Մարոնիներու Րահի Պատրիարք եւ Ժիպէյլի քաղաքապետ՝ Զիատ Հաուաթ: