Այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը մեծ հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ թրքական աշխարհի համար. այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի ղեկավար Նուման Քուրթուլմուշը՝ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ ժընեւեան հանդիպման:
Կաֆարովան իր հերթին ընդգծած է, որ երկու երկիրները հաւատարիմ են միասնական դիրքորոշման՝ բոլոր հարցերու շուրջ եւ աշխուժօրէն կ՚աջակցին իրար միջազգային կազմակերպութիւններու հարթակներուն վրայ։