Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիի (ՀԱԵ) Ստեփանաւանի համայնքի եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) աշխատակիցներուն համար կրկնակի տօն էր: ՀԱԵ 175-ամեակը տօնելու համար աշխարհի տարբեր ծագերէն Հայաստան ժամանած բարերարներն ու հիւրերը, ինչպէս նաեւ ՀԱԵ տարբեր համայնքներու հոգեւոր հովիւները Յուլիսի 3-ին այստեղ էին`AMAA- Ստեփանաւանի Կեդրոնի նոր շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցելու համար:
Տանտէրերը հիւրերուն դիմաւորեցին աղուհացով, ապա ելոյթ ունեցաւ ԱՀԱԸ Ստեփանաւանի մասնաճիւղի պարախումբը:
Ներկաներուն ողջունեց AMAA-ի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանը: Ան մասնաւորապէս ըսաւ.
«Տալը սիրոյ նշան է, կամաւոր կերպով, սիրով տալը, որու վարձատրութիւնը ուրախութիւն է, երջանկութիւն: Տալը պէտք է ըլլայ լուռ, առանց թմբուկի՝ Աստուած օրհներգելով, Աստուա՛ծ փառաւորելով եւ ոչ թե մարդը: Տալու ուրախութիւնը Աստուծոյ գործի քաջալերանքն է, Աւետարանչականի միջոցով կատարուած Աստուծոյ գործը քաջալերելն է: Նուիրատուները միշտ ըսած են, որ «մեր սրտի փափաքն է Աստուած փառաւորելը»: Այս գեղեցիկ շէնքը, որ այսօր կը նուիրենք եւ կ՛անուանակոչենք, պէտք է ծառայէ մանուկներու, երիտասարդներու եւ չափահասներու: Այս գրասենեակը մանուկներուն պիտի առաջնորդէ դէպի Աստուած»:
Պարոն Խանճեանը նաեւ փոխանցեց նուիրատուին խօսքը. §Ես հպարտ եմ իմ հայկական ծագումով, իմ արմատներով եւ կը գիտակցիմ, որ իմ նախահայրերս շատ հայերու նման անցան դժուարին ճանապարհներով, եւ մենք ուրախ ենք, որ յանուն անոնց յիշատակին՝ կը կատարենք այս նուիրատուութիւնը¦:
AMAA-ի Նախագահ Նազարէթ ՏարագՃեան իր խօսքն սկսաւ Սաղմոս 127-ով՝ §Եթե Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ՛աշխատին անոր շինարարները¦: Եւ շարունակեց. «Աստուած այս գեղեցիկ առաւօոտը մեզի պարգեւեց, եւ մենք առիթ ունինք երկար սպասումէ յետոյ այցելելու Ստեփանաւան ու մեր աչքերով տեսնելու այն շէնքը, որ երկար ժամանակ երազեր ու ծրագրեր էինք: Այսօր մենք կը նուիրաբերենք այս շէնքը Աստուծոյ փառքին համար, եւ մեր աղօթքն է, որ այս կեդրոնը ըլլայ փարոս եւ հրաւիրէ Աստուծոյ բոլոր զաւակները, որ իրեն մօտենան, սորվին իրար սիրել, ինչպէս որ Աստուած սիրեց ամբողջ աշխարհը, մինչեւ որ իր միածին որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ոք, որ անոր հաւատայ, չկորսուի, այլ հաւիտենական կեանք ունենայ:
AMAA-ի կողմէ կ՛ուզեմ այսօր շնորհաւորել Ստեփանաւան քաղաքի ժողովուրդը՝ այս գեղեցիկ կառոյցին համար: Թող Աստուած այս կեդրոնը օրհնութիւն մը ընէ այս քաղաքին համար: Շնորհակալութիւն այն բոլոր նուիրատուներուն եւ ի մասնաւորի Grille Foundation-ին, որ իրենց նուէրներով կարելի ըրին այս ծրագրին յաջողութիւնը:
Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր անոնց, որոնք քրտնաջան աշխատեցան այս ծրագրին յաջողութեան համար, ինչպէս Հրաչ Սարգիսին, Զաւէն Խանճեանին, Յարութ Ներսէսեանին եւ Արէն Տէյիրմէնճեանին: Այսօր ուրախ օր է Ստեփանաւանի մէջ եւ կը մաղթեմ, որ ձեր բոլոր օրերը ըլլան ուրախ եւ պայծառ»:
Այնուհետեւ պարոնայք Զաւէն Խանճեանն ու Նազարէթ Տարագճեանը իրենց կողակիցներուն՝ Սոնա Խանճեանի եւ Անի Տարագճեանի հետ կտրեցին մուտքի ժապաւէնը եւ բոլորին հետ միասին շրջայց կատարեցին նոր գրասենեակի շէնքը:
Նոր գրասենեակի կառուցման հովանաւորներն են Փիթըր եւ Մոնիք Թորինգթըններն ու իրենց ընտանիքը՝ ԱՄՆ-էն: Այդ մասին վկայող ցուցանակին վրայ, որու բացումը եւս կատարուեցաւ նոյն օրը, արձանագրուած էր. «Խոնարհ երախտագիտութեամբ առ Աստուած՝ Իր անսասան սիրոյ եւ անսահման օրհնութիւններուն համար, մենք հպարտութեամբ կ՛ընդունինք մեր հայկական ժառանգութիւնը եւ այս կեդրոնը կը նուիրենք մեր նախապապերու՝ Մարտիրոս եւ Աղաւնի Նիկողոսեաններու, մեր պապերու՝ Արմենակ եւ Մաթիլտա Օհանեաններու եւ մեր ծնողներուն՝ Ժիրայր եւ Արսինէ Սուսմայաններու յիշատակին»:
Գրասենեակի շէնքի բացումէն յետոյ ՀԱԵ Ստեփանաւանի եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱԵ 175-ամեակին նուիրուած «Ամուր պահենք մեր հաւատքը» փառաբանութեան պաշտամունք:
![]()
![]()
![]()
Անդրանիկ Մարդոյան
* Անդրանիկ Մարդոյանը AMAA-ի Հայաստանի Մասնաճյուղի մամուլի բաժինի քարտուղարն է (Արեւելահայերէնէ Արեւմտահայերէնի վերածեց Յակոբ Միքայելեան)