image

Բացառիկ համերգ ի լրումն Սուրբ Խաչ Համայնքի հիմնադրման 100-ամեակի ձեռնարկներուն

Բացառիկ համերգ ի լրումն Սուրբ Խաչ Համայնքի հիմնադրման  100-ամեակի ձեռնարկներուն

Ս. Խաչ Ծխական համայնքի հարիւրամեակի ձեռնարկները եզրափակուած են իւրայատուկ համերգով մը: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է.-

Կիրակի, 23 Հոկտեմբերի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ արուեստասէր ժողովուրդի՝ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի հիմնադրման հարիւրամեակին նուիրուած յոբելենական եզակի համերգը, որուն ընթացքին հնչեցին հոգեւոր, ազգային, ժողովրդային, կոմիտասեան երգեր, զուգերգներ, խմբերգներ եւ «Անոյշ» օփերայէն  հատուածներ՝ կատարողութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասի մեներգչուհիներ Լինէթ, Ելենա եւ Էթնա Գարամեան քոյրերուն, ծրագիրի գործադիր ղեկավար վաստակաւոր թենոր Պերճ Քիրազեանի, երգչուհիներ Ռոզի-Անոյշ Սվազլեանի, Անայիս Հեղոյեան-Թոմասի, Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի, ընկերակցութեամբ տուտուկահար Էմանուէլ Յովհաննիսեանի, դաշնակահարուհիներ Հռիփսիմէ Ռշտունիի եւ Գոհար Թորանեանի՝ Ս. Խաչ տաճարին մէջ ստեղծելով ազգի ու հայրենիքի անցեալը եւ ներկան ապագային կամրջող բարձրորակ արուեստի խորհրդաւոր, տօնական ու յոյժ խրախուսիչ մթնոլորտ:

Բացման խօսքը կատարեց Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, որ անդրադարձաւ 100ամեակի ձեռնարկներուն, ներկայ համերգի պատրաստութեան աշխատանքներուն եւ Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգի մշակութային դարաւոր արժէքներուն: 

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդ սրբազան հայրը, որ հեղ մը եւս գնահատեց եկեղեցւոյ ծխական համայնքի հարիւրամեակին նուիրուած համերգը՝ «Նոր ուժով կը հոսի այսօր հայու հաւատքը՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարէն, նոր ցոլքով կը ճառագայթէ այսօր հայու ինքնութիւնը՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարէն, տարբեր ուժով կը բխի այսօր Հայաստանը՝ Ս. Խաչ Մայր տաճարէն» արտայայտութեամբ, ապա ան շեշտեց, որ 100ամեայ յոբելենական տարեդարձը նոր հորիզոններ կը բանայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ, եկեղեցին կ՛աճի եւ կը շատնայ ազգի կեանքին մէջ ո՛չ իբրեւ քարեղէն կառոյց, այլ հոգեւոր, բարոյական ու մշակութային ամբողջական եւ կարեւոր ներկայութիւն:

Հուսկ, առաջնորդ սրբազանին հրաւէրով, Կրօնական ժողովի փոխատենապետ Սմբատ վրդ. Սապունճեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ Ս. Խաչ ծխական համայնքի 100ամեակին յղուած Հայրապետական կոնդակը, որուն ընթերցումով իր պսակումին հասաւ յոբելենական ձեռնարկներու ընթացքը:

Համերգը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի համախումբ երգեցողութեամբ:   

   

 

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ