4 Հոկտեմբերին, ժամը 23:30-ի սահմաններուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ, ատրպէյճանական կողմէ արձակուած կրակահերթէն վնասուած է հայկական Զինուած Ուժերու թիկունքային ապահովման բեռնատար ինքնաշարժ մը:
Ինչպէս տեղեկացուցած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, անձնակազմին մէջ տուժածներ չկան:
(Լուսանկարը՝ արխիւային)