image

Ազրպէյճանցիք Երասխի մօտ կրակ բացած եւ վնասած են հայկական բանակին պատկանող բեռնատար մը

Ազրպէյճանցիք Երասխի մօտ կրակ բացած եւ վնասած են հայկական բանակին պատկանող բեռնատար մը

 4 Հոկտեմբերին, ժամը 23:30-ի սահմաններուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ, ատրպէյճանական կողմէ արձակուած կրակահերթէն վնասուած է հայկական Զինուած Ուժերու թիկունքային ապահովման բեռնատար ինքնաշարժ մը:

Ինչպէս տեղեկացուցած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, անձնակազմին մէջ տուժածներ չկան:

 

(Լուսանկարը՝ արխիւային)