ՀՀ ազգային ժողովը ընդունեց 2023 թուականի պետական պիւտճէի մասին նախագիծը։ 66 պատգամաւոր կողմ քուէարկեց, իսկ 28–ը`դէմ։
Ըստ նախագծի՝ 2023 թուականի պետական պիւտճէի ծախսերը պիտի կազմեն 2 թրիլիոն 591 միլիառ դրամ, իսկ եկամուտները՝ 2 թրիլիոն 302 միլիառ դրամ: Պակասը պիտի կազմէ 289 միլիառ դրամ: ԱԺ ներկայացուած նախորդ նախագծի համեմատութեամբ պիւտճէի ծախսերուն մէջ աւելցած է 826 մլն դրամ, եկամուտները աւելցած են 734.5 միլիոն դրամով եւ կը կազմեն 2 թրիլիոն 302 միլիառ դրամ: Հարկային եկամուտները չեն փոփոխուած եւ սահմանուած են 2 թրիլիոն 203.7 միլիառ դրամ չափով: Եկամուտներու աւելացումը կատարուած է այլ եկամուտներու եւ պաշտօնական դրամաշնորհներու հաշուոյն: Պետական պիւտճէի պակասը մնացած է անփոփոխ։
Յիշեցնենք` աւելի վաղ ելեւմուտի նախարար Տիգրան Խաչատրեան յայտարարած էր, որ պիւտճէի նախագիծը մշակուած է միջազգային եւ տարածաշրջանային բարդ մարտահրաւէրներու առկայութեան պարագային, մասնաւորապէս` վերջին տարուան համաշխարհային տնտեսութիւնը դարձած է նուազ կայուն, միջազգային առեւտուրն աւելի դանդաղած է, փոխադրումներն աւելի թանկ ու երկար դարձած են, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու գիները կը շարունակեն աճիլ ամբողջ աշխարհի մէջ: