image

ԱԺ-ն օրակարգ չընդգրկեց Լաչինի միջանցքի փակման հարցով ընդդիմութեան յայտարարութեան նախագիծը

ԱԺ-ն օրակարգ չընդգրկեց Լաչինի միջանցքի փակման հարցով ընդդիմութեան յայտարարութեան նախագիծը

ՀՀ Ազգային ժողովը օրակարգ չընդգրկեց Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի բացասական եզրակացութիւնը ստացած՝ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը՝ Լաչինի միջանցքի փակման հարցով. իշխանական եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները չէին կրցած համաձայնութեան գալ որոշ ձեւակերպումներու, շեշտադրումներու շուրջ:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ իրականացուող ռազմաքաղաքական յարձակման, ահաբեկչական ու սադրիչ քայլերու, Բերձորի (Լաչինի) միջանցքի փակման կապակցութեամբ յայտարարութեան նախագիծն ԱԺ նիստի մեկնարկին ներկայացուցած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեանը:

«ՀՀ ազգային ժողովը դատապարտում է Ադրբեջանի կողմից 2022 թ դեկտեմբերի 3-ին եւ դեկտեմբերի 12-ից մինչեւ օրս շարունակուող Արցախի Հանրապետութեան շրջափակումը, որը յանգեցրել է անվտանգային, հումանիտար, տնտեսական լրջագոյն ճգնաժամի: Շրջափակման հետեւանքով գոյաբանական խնդիրներ են առաջացել Արցախի 120 հազար քաղաքացիների համար: Ադրբեջանի այս յանցաւոր գործողութիւնները հակասում են 2020 թ նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտին՝ ըստ որի Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ կապն ապահովում է Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը, որով անխոչընդոտ պէտք է իրականացուի մարդկանց, մարդատար եւ բեռնատար տրանսպորտային միջոցների տեղաշարժը»,-ներկայացուցած է Թեւանեան:

«Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարութեան մէջ նշած է նաեւ, որ վկայակոչելով 2022 թուականի հոկտեմբերի 6-ին Փրակայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը եւ 2023-ի փետրուար 18-ի Միւնիխի մէջ այդ համաձայնութեան վերահաստատումը՝ պաշտօնական Պաքուն խմբագրած է Բերձորի միջանցքի կարգավիճակին վերաբերող կարգաւորումները եւ դիմած յարձակողական գործողութիւններու: «Այս եւ նմանօրինակ այլ ռազմատենչ ակնյայտ ցեղասպան նկրտումներ ունեցող գործողութիւնները հերթական անգամ ապացուցում են, որ Արցախը չի կարող լինել Ադրբեջանի կազմում, արցախահայութեան կեանքի իրաւունքի ապահովման գրաւականը Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի երաշխաւորուած իրացումն , որը որպէս միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունք բազմիցս հաստատուել է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահող երկրների կողմից»,- ներկայացուցած է պատգամաւորը:

Յարակից զեկուցող Մարիա Կարապետեանն ալ նկատած է՝ յայտարարութեան մէջ կայ հետեւեալ ձեւակերպումը, թէ Ատրպէյճանը վկայակոչելով Փրակայի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները՝ փակած է Լաչինի միջանցքը: «Թերեւս միայն այս ձեւակերպման համար, այսինքն՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակման համար նաեւ Հայաստանի համար պատասխանատւութեան բաժին սահմանելը կարող է հիմք հանդիսանալ յայտարարութեան տեքստի մերժման համար»,-ներկայացուցած է պատգամաւորը:

Իշխանութիւնը չէ մասնակցած յայտարարութեան քուէարկութեան: Այն քուէարկութեամբ ստացած է 28 կողմ ձայն, եւ այսպիսով չընդգրկուեցաւ նիստերու օրակարգ: Ատոր հետեւեցան իշխանական եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու՝ ելոյթներու տեսքով հեռակայ բանավէճեր: