ՀՀ Ազգային ժողովն արտահերթ նիստին ընդունած է Արցախէն տեղահանուած եւ 2023 թուականի սեպտեմբեր 19-ի դրութեամբ Արցախի ԱԱԾ-ի մէջ պաշտօն զբաղցուցած անձանց Հայաստանի ԱԱԾ-ի մէջ ծառայութիւնը շարունակելու օրինագիծը։
Նախագիծն ընդունուած է միաձայն` 91 կողմ, 0 դէմ, 0 ձեռնպահ։
Առաջարկուող փոփոխութեամբ ՀՀ ԱԱԾ թափուր պաշտօն առաջանալու պարագային ծառայութեան կրնան անցնիլ եւ պաշտօնի նշանակուիլ նաեւ 2023 թուականի սեպտեմբեր 19-ի դրութեամբ Արցախի ԱԱԾ–ի մէջ պաշտօն զբաղցուցած անձինք։