image

«Ազգայնական»ները հրաժարած են Շուշիի ծրագրէն

«Ազգայնական»ները հրաժարած են Շուշիի ծրագրէն

Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան նախագահ՝ Տեւլեթ Պահչելին յայտնած է, որ կուսակցութիւնը հրաժարած է Շուշիի մէջ դպրոց կառուցելու ծրագրէն։ Պահչելին ծրագրէն հրաժարելու մասին յայտնած է Թուիթըրեան իր միքրոպլոկի էջին կատարած գրառմամբ։

Ան աւելցուցած է, որ այդ ծրագրին աջակցող իրենց համակիրներու կողմէն հանգանակուած գումարները կը վերադարձուին։

Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան կողմէ Շուշիի մէջ դպրոց կառուցելու մտադրութեան մասին յայտնի դարձած էր 2021-ի 6 յունուարին։ 1 Փետրուարին, Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-ը  յայտարարութիւն  տարածած էր՝ լուրջ մտահոգութիւն յայտնելով ծայրայեղ աջ ազգայնական «Թրքական ազգայնական շարժում» կուսակցութեան եւ անոր յարող ծայրայեղական նեոֆաշիստական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան մտադրութիւններու առնչութեամբ՝ որոշ նախագիծեր իրականացնելու Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներու, մասնաւորապէս՝ Շուշի քաղաքին մէջ: Արցախի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ փանթուրքիզմի եւ նեոֆաշիզմի գաղափարախօսութիւն քարոզող եւ ահաբեկչութիւնը որպէս նպատակներու իրականացման հիմնական միջոց օգտագործող արտաքին ուժերու որեւէ ձեւով ներկայութիւնը, Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ծայրաստիճան մեծ վտանգ է ոչ միայն Արցախի Հանրապետութեան, այլեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան համար: