image
Հրատապ լուրեր:

Ազգային Ժողովը Վճռաբեկ դատարանի դատաւոր ընտրեց Սերգէյ Մարաբեանը

Ազգային Ժողովը Վճռաբեկ դատարանի դատաւոր ընտրեց Սերգէյ Մարաբեանը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Վճռաբեկ դատարանի «հակակոռուպցիոն» (զեղծարարութեան դէմ-Խմբ.) տան դատաւոր ընտրած է Սերգէյ Մարաբեանը:

Բարձրագոյն դատական խորհուրդը Վճռաբեկ դատարանի «հակակոռուպցիոն» տան «կոռուպցիոն» (կաշառակերութեան, զեղծարարութեան) յանցագործութիւններու քննութեան դատական կազմի դատաւորի թափուր տեղի համար առաջադրած էր Սերգէյ Մարաբեանի, Ռուբիկ Մխիթարեանի եւ Մանուէլ Շահվերդեանի թեկնածութիւնները:

Ազգային Ժողովի 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած էին 68-ը: Սերգէյ Մարաբեանի օգտին կողմ քուէարկած էր 68 պատգամաւոր, մնացած թեկնածուները ոչ մէկ կողմ ձայն ստացած էին: