Լիբանանի Ազունիէի Ազգային Բուժարանը ուրախութեամբ ընդունած է լիբանանահայ վարսայարդար Ռազմիկ Հապէշեանը, սեփականատէր՝ «Razmig Gents Hairstylist» վարսայարդարման սրահին, (որ կը գտնուի Պուրճ Համուտ, Ճինիշեան Հիմնարկի դիմաց), ընկերակցութեամբ իր օգնական՝ Յարութ Փօլատեանի։
Այցելութեան նպատակն էր Բուժարանի երէցներուն տրամադրել մազերու խնամք եւ յարդարում, նոր սանտրուածք եւ կտրելու բծախնդիր սպասարկութիւն։
Այս բոլորին աւարտին, երէցներուն երեսին ժպիտը ակներեւ էր, իսկ ուրախութիւնը՝ անբացատրելի։
Անոնց սիրայօժար աշխատանքին ի տես երիտասարդ վարսայարդարները ստացան երէցներուն օրհնութիւնը եւ աղօթքները։
Ազունիէի Ազգային Բուժարան