Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ երկու պետութիւններու քաղաքացիներու համար փոխադարձ առանց մուտքի արտօնագրի ճամբորդելու մասին համաձայնագիր ստորագրած ենք: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 12-րդ նիստին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Փաշինեան նշած է՝ այդ կը նշանակէ, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի քաղաքացիները փոխադարձաբար կրնան այցելել երկու երկիրներ առանց անձնագրի, ID քարտերով:
«Սա նոյնպէս շատ կարեւոր է եւ արտայայտում է մեր համագործակցութիւնը»,-ըսած է Փաշինեան: