image
Հրատապ լուրեր:

Այսուհետեւ դէպի Թիֆլիս նաեւ ՀՀ անձագրի միջոցաւ եւ փոխադարձը՝ վրացիներուն համար

Այսուհետեւ դէպի Թիֆլիս    նաեւ  ՀՀ անձագրի  միջոցաւ  եւ փոխադարձը՝ վրացիներուն համար

Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ երկու պետութիւններու քաղաքացիներու համար փոխադարձ առանց մուտքի արտօնագրի ճամբորդելու մասին համաձայնագիր ստորագրած ենք: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 12-րդ նիստին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Փաշինեան նշած է՝ այդ կը նշանակէ, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի քաղաքացիները փոխադարձաբար կրնան այցելել երկու երկիրներ առանց անձնագրի, ID քարտերով:

«Սա նոյնպէս շատ կարեւոր է եւ արտայայտում է մեր համագործակցութիւնը»,-ըսած է Փաշինեան: