image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր տօն է. Հայոց բանակը դարձաւ 34 տարեկան

Այսօր տօն է. Հայոց բանակը դարձաւ 34 տարեկան

Այսօր կը նշուի Հայկական բանակի կազմաւորման 34-ամեակը։

1992 թուականի Յունուար 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրամանագրով, ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, որուն ենթակայութեան յանձնուեցան երկրին մէջ գործող որոշ ուժային կառոյցներու ստորաբաժանումներ, մասնաւորաբար՝ Ներքին գործոց նախարարութեան պարեկապահակային գունդը, յատուկ նշանակութեան օպերատիւ գունդը, քաղաքացիական պաշտպանութեան գունդը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորական կոմիսարիատը։

Իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան պատմած է, թէ բանակի ստեղծման հիմքերը դրուած էին աւելի կանուխ՝ 1990 թուականի Օգոստոսէն սկսեալ։ Այդ շրջանին Խորհրդային Հայաստանի մէջ իշխանութեան եկաւ Հայոց համազգային շարժումը՝ Մայիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ յաղթելով կոմունիստներուն։

Նախարարներու խորհրդի որոշումով Ներքին գործոց նախարարութեան կից ստեղծուեցաւ յատուկ ստորաբաժանում մը՝ կամաւորութեան սկզբունքով։ Այս մէկը Յատուկ գունդն էր, որուն հիմնական խնդիրներէն էին սահմանամերձ շրջաններու պաշտպանութիւնը եւ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը։ Ինքնապաշտպանական խումբերը շատ արագ կերպով վերածուեցան կազմաւորուած բանակի։

1990 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին ստեղծուեցաւ կազմաւորման հիմնադիր խումբը՝ Վազգէն Սարգսեանի ղեկավարութեամբ։ Ան Գերագոյն խորհուրդին մէջ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ եւ կոչ ուղղեց անդամակցելու այդ կառոյցին։ Սեպտեմբեր 3-ին առաջին զինուորագրուածները արդէն շարքի մէջ կանգնած էին Գերագոյն խորհուրդի շէնքին մօտակայքը։

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան ստեղծումէն ետք, նախարար Վազգէն Սարգսեանի հրամանով, կազմուեցաւ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի օպերատիւ վարչութիւնը։ 1992 թուականի Օգոստոս 8-ին Հայաստան ժամանեց խորհրդային բանակի 56-ամեայ զօրավար-լեյտենանտ Նորատ Տէր-Գրիգորեանցը եւ անմիջապէս նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ եւ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնակատար։

Արդէն 1992 թուականի Մայիսին տեղի ունեցաւ անկախ Հայաստանի պատմութեան առաջին զօրակոչը՝ հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մէջ, որ բանակը համալրեց ժամկէտային զինծառայողներով։ Եւ հենց այս զինծառայողներուն ուսերուն վրայ դրուեցան Արցախեան պատերազմի ամենափայլուն յաղթանակները, Արցախի շուրջ անվտանգութեան գօտիի ստեղծումը եւ Ազրպէյճանին զինադադար պարտադրելը։

Հայկական բանակին էր վիճակուած յաղթանակ կերտել Արցախեան առաջին պատերազմին մէջ, ինչպէս նաեւ անցնիլ կազմաւորման երկարատեւ եւ դժուարին ուղին։