image

Այսօր Սպիտակի երկրաշարժի 36-րդ տարելիցն է

Այսօր Սպիտակի երկրաշարժի 36-րդ տարելիցն է

Այսօր կը լրանայ Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժի 36- րդ տարելիցը։

1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին՝ ժամը 11։41-ին, երկրաշարժը ցնցեց Հայաստանի հիւսիսը։ Սպիտակի երկրաշարժը աւելի քան 25 հազար մարդու կեանք խլեց։ Աւելի քան 500 հազար մարդ անօթեւան մնաց։ Երկրաշարժը ընդգրկեց ՀՀ տարածքին մօտ 40 տոկոսը: Տուժեց 21 քաղաք եւ շրջան, 342 գիւղ: Լրիւ կամ մասնակի աւերուեցան Սպիտակ, Լենինական, Կիրովական, Ստեփանավան քաղաքները, աւելի քան 230 արդիւնաբերական վայրեր։

Փլուզուած զանգուածներու տակ յայտնուեցան տասնեակ հազարաւոր մարդիկ։ Աւերուեցան դպրոցներ, հիւանդանոցներ։

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ օգնութեան փութացին։ Հայաստան եկան հարիւրաւոր փրկարարներ, բժիշկներ: Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւնները երկրաշարժի առաջին ժամերէն սկսան Հայաստան տեղափոխել` դեղորայք, բուժսարքաւորումներ, շինարարական սարքաւորումներ, վրաններ, սննդամթերք եւ ապա` շինարարական աշխատանքներ կատարել: 1989 թուականին աղէտի գօտիին մէջ կ՛աշխատէին Խորհրդային Միութեան տարբեր շրջաններէ եկած աւելի քան 40 հազար մասնագէտներ, զինծառայողներ:

Հայաստանին համակողմանի օգնութիւն ցոյց տուին աշխարհի աւելի քան 113 երկիրներ եւ 7 միջազգային կազմակերպութիւններ:

Տարբեր պետութիւններ շարունակեցին օգնութիւնը Հայաստանին նաեւ հետագայ տարիներուն: Իտալացիները  ամբողջ բնակելի թաղամաս մը կառուցեցին Սպիտակի մէջ, նորվեկիացիները` ժամանակակից հիւանդանոց։ Թաղամաս կառուցած են աւստրիացիները: Գիւմրիի մէջ շահագործման յանձնուեցան անգլիացիներու կառուցած դպրոցը։

Ամէն տարի այս օրը ՀՀ-ի եւ Սփիւռքի մէջ միլիոնաւոր հայեր յարգանքի տուրք կը մատուցեն Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:

Այս տարիներու ընթացքին Կառավարութիւնը մէկ անգամ չէ, որ խոստացած է շրջանառութենէ հանել «աղէտի գօտի» ձեւակերպումը։ Պետական շարք մը ծրագրեր ուղղուած եղած են երկրաշարժի հետեւանքով տունը կորսնցուցած անօթեւանները բնկարաններով ապահովելուն, սակայն իրականացուած ծրագրերով խնդիրը հիմնովին չէ լուծուած: 2022-ին Կառավարութիւնը յայտարարեց՝ մտադիր է մինչեւ 2027 թուականը 88-ի երկրաշարժի գօտին ազատել տնակներէն։

2019-էն սկսեալ՝ Դեկտեմբերի 7-ը Հայաստանի մէջ նշուած է որպէս երկրաշարժի զոհերու յիշատակի եւ աղէտներու դիմակայութեան օր: