image

Երկրաշարժի վերյուշ մը, որ խանգարեց ողջ էութիւնս…

Երկրաշարժի վերյուշ մը, որ խանգարեց ողջ էութիւնս…

Գանատահայ համայնքային գործիչ՝ Յակոբ Ճանպազեան կը գրէ՝

Այսօր ակամայ հայու մտքի ժապաւէնը ահաւոր փայլատակումով մը տեղափոխուեցաւ 36 տարիներ առաջ 1988-ի դեկտեմբերի 7-ի աւերիչ երկրաշարժի թուական՝ Սպիտակի ու շրջակայ քաղաքներու սարսափազդու երկրաշարժի գօտին։ 

Ցաւագին տեսարաններ զորս թագնուած էին մտքիս խորը, այսօր կը տողանցեն աչքերուս առջեւ։

Մահասարսուռ  փլատակներէն ճողոպրած անտուն անօթեւան քոյրեր ու եղբայրներ, հայու բեկորներ անգամ մը եւս վերակենդանացան այսօր մէջս, ցնցեցին ու խանգարեցին մարդկային ամբողջ էութիւնս։ 

Այո երկրաշարժի վերքը, ցաւ ի սիրտ դեր կը կոտտայ մեր հոգիներուն մէջ ցայսօր, սակայն փառք հայու անկոտրուն ու շինարար ոգիին ան դարձեալ ոտքի կանգնեցաւ աւերակներու մէջէն վերականգնեց հայու բնօրրանը աւերակուած մեր հայրենիքը։ 

Ներկայով ազգովին, կը գտնուինք, մեր գիտակցական կեանքի աննախադէպ եւ ահաւորագոյն ցնցումներուն դէմ հանդիման, դաւադրաբար կորսնցուցինք Արցախը այս տարի՝ մօտիկ անցեալին։

Ներգուստ բոլորիս ներաշխարհը խանգարուած է ու խոցուած մեր սրտերը։ Կը հաւատամ սակայն, թէ կուգայ մի ժամանակ եթէ ոչ մենք սակայն մեր գալիք սերունդները կը տեսնէն Արցախ հայաշխարհի կապուտակ երկնքի տակ բացուող վարդահեղեղ արշալոյսը։ Ինչպէս միշտ՝ այսօր եւս անտարբեր պիտի չմնայ աշխարհով մէկ ցիր ու ցան դարցած հայութիւնը, ան դարձեալ կոչուած է վերականգնելու Արցախ հայաշխարհի անկախութիւնն ու իր ազգակիցներու աւերակուած բոյնը, կրկին իր օգնութեան ձեռքը երկարելու մեր արիւնակից հարազատներուն, քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ գործնականապէս ըսելու, որ դուք մինակ չէ՛ք, ինչպէս, որ անցեալին մինակ չէր Արցախը եւ այսօր մինակ չէ իր իսկ բնօրրանէն բռնի եւ դաւադրաբար տեղահանուած Արցախահայութիւնը:

Փառք ու պատիւ հայու անկոտրուն տեսակին։

 

Յակոբ Ճանպազեան

Դեկտեմբեր 7, 2024

Թորոնթօ