Լոնտոնի դատարանը երկուշաբթի օր կը նախատեսէ որոշում կայացնել այն մասին, թէ արդեօք Մեծ Բրիտանիան պէ՞տք է Ժուլիան Ասանժին արտայանձնէ Միացեալ Նահանգներուն, ուր WikiLeaks-ի հիմնադիրին մեղադրանք առաջադրուած է այն բանի համար, որ ան ցանցահէնային (հաքըր) յարձակում իրականացուցած է կառավարական համակարգիչներու նկատմամբ եւ խախտած է լրտեսութեան մասին օրէնքը՝ համապատասխանաբար 2010 եւ 2011 թուականներուն, ձեռք բերելով եւ հրապարակելով գաղտնի փաստաթուղթեր: Այս մասին կը յայտնէ The New York Times-ը:
Աղբիւրը կը նշէ թէ ԱՄՆ-ին հնարաւոր արտայանձնման օգտին կայացուելիք այս որոշումը կարող է ճանապարհ բանալ մեծ դատավարութեան համար, որմէ Ասանժը փորձած է խուսափիլ տարիներ շարունակ, եւ որ իր կողմնակիցներու կարծիքով՝ վտանգաւոր սպառնալիք է մամուլի ազատութեան համար:
Յիշեցնենք, որ առաջադրուած բոլոր մեղադրանքներով մեղաւոր գտնուելու պարագային Ժուլիան Ասանժիին կը սպառնայ 175 տարուայ ազատազրկում: