image

Այսօր Մոնթէ Մելքոնեանի ծննդեան օրն է. Հերոսը կը դառնար 64 տարեկան

Այսօր Մոնթէ Մելքոնեանի ծննդեան օրն է. Հերոսը կը դառնար 64 տարեկան

Այսօր՝ Նոյեմբեր 25-ին, կը լրանայ Արցախի հերոս, Հայաստանի Ազգային հերոս Մոնթէ Չարլզի Մելքոնեանի (Աւօ) ծննդեան 64-րդ տարեդարձը: Մոնթէն ծնած է 1957 թուականին, Մեծ Եղեռնէն փրկուած եւ ԱՄՆ Գալիֆորնիա հանգրուանած հայի ընտանիքի մէջ։

Իր ամբողջ գիտակից կեանքին ընթացքին ան պայքարած է հայերու իրաւունքներու, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մեր հայրենիքի վերատիրացման համար: 22 տարեկանին արդէն լիովին կը տիրապետէր անգլերէնին, ֆրանսերէնին, սպաներէնին, իտալերէնին, թրքերէնին, պարսկերէնին, ճափոներէնին, քրտերէնին։

1980-էն անդամագրուելով Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակին՝ կարճ ժամանակի մէջ դարձած է անոր ղեկավարներէն մէկը։ 1981-ի Նոյեմբեր 11-ին Ֆրանսայի Օրլի օդակայանին մէջ Մոնթէն ձերբակալուած է կեղծ անձնագիր եւ ատրճանակ կրելու մեղադրանքով։

Նա սկիզբը դատապարտուած է 4 ամսուայ ազատազրկման, իսկ աւելի ուշ դատարանը որոշա է վտարել զայն Ֆրանսայէն։

1991-ին ան կու գայ Հայաստանի Հանրապետութիւն, ուր արդէն սկսած էին հայ-ատրպէյճանական զինուած ընդհարումները։ Նոյն թուականի Սեպտեմբերին կը մեկնի Արցախի Հանրապետութիւն, ուր զայն կ'անուանակոչեն Աւօ ծածկանունով։

Ռազմական տեսանկիւնէն մասնագիտական բարձր հմտութիւններ ցուցաբերելու շնորհիւ 1992-ին կը ստանձնէ Մարտունիի պաշտպանական շրջանի շտաբի պետի պարտականութիւնը։ Այստեղ կարճ ժամանակի մէջ իր անկեղծութեամբ ու մաքրութեամբ ան շահեցաւ ոչ միայն տեղի բնակչութեան, այլեւ ընդհանրապէս համայն հայութեան սէրն ու յարգանքը։

Անոր ղեկավարութեամբ Մարտունին դարձաւ Արցախի ամենապաշտպանուած ու ամենամարտունակ շրջանը։ 1993-ի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն անոր ղեկավարութեամբ ազատագրուեցաւ նաեւ Քարվաճառը:

Մոնթէն մահացած է 1993 թուականի Յունիս 12-ին, ատրպէյճանական զրահամեքենայի կրակոցէն, երբ հետախուզութեան նպատակով մարտընկերներու հետ այցելած է Աղտամի շրջանի Մարզիլի գիւղի մատոյցներ։