Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի երեքշաբթի օր պաշտօնապէս յայտարարած է խորհրդարանական ընտրութիւններու օրը, անոնք տեղի պիտի ունենան 26 հոկտեմբերին:
«Առաջին հերթին ես կ'ուզեմ հրամանագիր ստորագրել 26 հոկտեմբերին խորհրդարանական ընտրութիւններ նշանակելու մասին»,- ըսած է նախագահը ճեպազրոյցին։
Նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկը եւ ընտրութիւններու օրը պաշտօնապէս կը յայտարարուին 60 օր առաջ։
2024-ին խորհրդարանական ընտրութիւններն առաջին անգամ ըլլալով պիտի կատարուին ելեկտրոնային քուէարկութեան համակարգով։
Ընտրութիւններն ամբողջութեամբ պիտի անցնին համամասնական ընտրակարգով, այսինքն՝ կուսակցական ցուցակներով։ Օրէնսդիր մարմին պիտի մտնեն այն կուսակցութիւնները, որոնք կը հաւաքեն ձայներու առնուազն 5 տոկոսը։