Հայաստանի զբօսաշրջութեան կոմիտէն հրապարակած է ընթացիկ տարուան հոկտեմբեր ամսուն դէպի Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալներ: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հայաստանի ճարտարարուեստի նախարարութիւնը։
Ընթացիկ տարուան հոկտեմբեր ամսուն Հայաստան այցելած է 203,810 զբօսաշրջիկ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 195,396-ի համեմատ։
Դիտարկուող ժամանակահատուածին մէջ Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու ամենամեծ տեսակարար կշիռը բաժին ինկած է Ռուսիոյ (ընդհանուրի 43%), Վրաստանին (11%) եւ Իրանին (7%):