image
Հրատապ լուրեր:

Այսօր կը նշուի «Մուտն ի վիրապ»ը

Այսօր կը նշուի «Մուտն ի վիրապ»ը

Այս տօնը հայոց առաջին հայրապետ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակութեան երեք տօներէն առաջինն է տարուան ընթացքին: Ըստ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցի՝ նշուած է Մեծ պահքի 6-րդ կիրակիի նախորդ շաբաթ օրը: Տօնը կը կատարուի ի յիշատակութիւն Խոր Վիրապի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կրած չարչարանքներու:

Արարատեան թեմէն կը մանրամասնեն, որ մարտ 16-ին Արարատեան Հայրապետական թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի բաց Խորանով Ս. Պատարագ:

Ըստ պատմական աղբիւրներու` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչն Անակ Պարթեւ իշխանի որդին էր: Սպանելով հայոց Արշակունի Խոսրով թագաւորին, Անակ Պարթեւը կը սպանուի հայ իշխաններու կողմէ: Որդին՝ Գրիգորը, կը մեծնայ եւ կրթութիւն կը ստանայ Կեսարիոյ մէջ՝ դաստիարակուելով իբրեւ բարեպաշտ քրիստոնեայ: Հետագային կը դառնայ Խոսրով արքայի որդիի՝ Տրդատ թագաւորի արքունի դիւանապետը: Սակայն տեղեկանալով, որ Գրիգորը քրիստոնեայ է, ինչպէս նաեւ արքայասպան Անակի որդին, Տրդատ արքան անոր չարչարանքներու կ՚ենթարկէ եւ կը նետէ Խոր Վիրապի ստորգետնեայ զնդանը: 4-րդ դարու Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբ Յովհան Ոսկեբերան հայրապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին նուիրուած իր ներբողին մէջ գրած է. «Յիշեցէք եւ անոր համբերութիւնը խոր վիրապի մէջ, որքան նեղութիւններով դառնացած էր… Իսկ ո՞վ կրնայ խօսքով պատմել երանելու անսահման ճգնութեան մասին, կամ օրինակով ցոյց տալ անոր անտանելի նեղութիւնը, որ կ՚ապրէր իժերու եւ քարբերու մէջ, ուր ոչ զրուցակից կար, ոչ վշտակցող բարեկամ, ոչ օգնական, ոչ մխիթարող եւ ոչ ծառայող: Ան կը համբերէր մեծ ժուժկալութեամբ, իբրեւ կենդանի դրուած գերեզմանի մէջ, անտուն, մերկ, գիշեր-ցերեկ, ամռան շոգին եւ ձմռան սառնամանիքին, քանզի մօտ էր Աստծուն»:

Խոր վիրապի մէջ կրած 13 տարիներու չարչարանքներէն ետք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, դուրս գալով ստորգետնեայ զնդանէն, Քրիստոսի լոյսը կը տարածէ հայոց աշխարհի մէջ՝ դառնալով պետականօրէն ճանչցուած Հայ եկեղեցւոյ առաջին հովուապետը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակը, իբրեւ համաքրիստոնէական սուրբ, կը տօնեն նաեւ քրիստոնեայ միւս եկեղեցիները: