image

«Այս ընտրութիւնները Լիբանանի պատմութեան մէջ ամէնէն վտանգաւորը կրնան դառնալ...». Լիբանանցի քաղաքական գործիչ՝ Արսլան

«Այս ընտրութիւնները Լիբանանի  պատմութեան մէջ  ամէնէն վտանգաւորը կրնան  դառնալ...». Լիբանանցի քաղաքական գործիչ՝ Արսլան

Լիբանանի Դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան ըսած է, որ «ներկայիս ընտրութիւնները կրնանր ըլլալ ամենավտանգաւորը Լիբանանի պատմութեան մէջ»` նշելով, որ «30 տարի շարունակուող փտածութիւնը կրնայ բարեփոխուիլ միայն քաղաքական բարեփոխումներու միջոցով»:

«Մայատին»-ին տուած բացառիկ հարցազրույցին մէջ Արսլանը հարցուց. «Ինչպէ՞ս նոր խորհրդարանը պիտի վերաբերի մարդոց իրաւունքներուն, յատկապէս անոնց դրամներուն, փտածութեան եւ տնտեսական խնդիրին»:

Արսլան աւելցուց, որ «Լիբանանի ինքնութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը պահպանելու համար քաղաքական կամ հիմնադիր նոր համաժողով մը պէտք է կազմակերպուի», շեշտելով, որ «Լիբանանի ինքնութեան համար վտանգ կայ»:

Արսլանը համարած է, որ «Լիբանանի մէջ դաւաճանութիւնը տեսակէտ է, եւ սա հակառակ ամբողջ աշխարհին, ուստի մենք ճգնաժամ ունինք երկրին մէջ», նշելով, որ «Թայէֆը որպէս քաղաքական համակարգ Լիբանանի մէջ ինկած է», յաւելելով , որ «պէտք է տեղափոխուինք ագարակային պետութենէն ուժեղ կեդրոնական պետութիւն, ուր ինքնութիւնը որոշ է»:

Ըստ Արսլանի` «Թայէֆը չունի պետութեան մէջ պատասխանատուութիւններ ու հաշուետուութիւն սահմանող ղեկավար», նշելով, որ «Լիբանանի մէջ կան անհամաձայնութիւններ ինքնութեան, բարեկամի ու թշնամիի, լիբանանեան ամբողջութեան յարութեան շուրջ, եւ սա ռազմավարական վէճ է: Մենք կը տարբերինք այն հարցով, թէ արդեօք Իսրայէլը Լիբանանի թշնամի՞ն է, եւ այդ ըստ էութեան անհամաձայնութիւն է, եւ այստեղ է վտանգը»: