image

Այս շարժումն աւելին է, քան իշխանափոխութիւնը. Բագրատ Սրբազան

Այս շարժումն աւելին է, քան իշխանափոխութիւնը. Բագրատ Սրբազան

Այս շարժումն աւելին է, քան իշխանափոխութիւնը։ Սա քաղաքակրթական, արժէքային բովանդակութիւն ունեցող շարժում է։ Մենք լայն իմաստով անկում ապրած ենք, քաոսի մէջ ենք։ Այս մասին միջազգային լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին ըսած է «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը։

Բագրատ Սրբազանի խօսքով՝ իրենց համար իշխանութեան հասնելու ձգտումը չէ, այլ աւելին՝ ընդհանուր կեանքի փոփոխութիւնն է։ Ան ընդգծած է, որ սա արժէքային դաշտի մէջ փոփոխութիւնն է, հանրային ընկալման, վարքաբանութեան փոփոխութիւնն է։

«Որոշակի իմաստով մենք ամէն ինչ անելու ենք, որպէսզի ամէն ինչ ընթանայ օրէնքի ճանապարհով։ Նաեւ պէտք չէ մոռանալ, որ յարգելով օրէնքի ուժը, շատ յաճախ նաեւ իրաւունքի ուժն աւելին է, քան օրէնքի ուժը։ Սա ժողովրդային շարժում է, եւ այդ ժողովրդային շարժումը նշուածս չափանիշներով վստահաբար կը հասնի իր տրամաբանական աւարտին»,-ըսած է Բագրաստ Սրբազանը։

Հարցին՝ չէ՞ք կարծեր, որ բացի Փաշինեանի հրաժարականէն, հանրութեան պէտք է ներկայացնել ծրագիր, որ հնարաւորութիւն կու տայ հասկնալու` ինչպէս կը պատրաստուիք Հայաստանը դուրս բերել աշխարհաքաղաքական ճգնաժամէն, երբ սահմանազատման համար սկսած շարժումը հանրահաւաքներով զբաղած է Երեւանի մէջ, մինչդեռ մարզերու մէջ, իշխանութիւնը կը շարունակէ գործընթացը, կանխարգելիչ մեխանիզմներ մտածա՞ծ էք, Սրբազանը պատասխանած է, որ իրենք հանրահաւաքով զբաղած չեն։

«Ամբողջ շարժումը միտուած է կանխարգելմանը։ Մենք ասել ենք, որ այս շարժումը ծագել է Կիրանցում, Ոսկեպարում, բայց դրա լուծումը Երեւանում է։ Կիրանցով, Ոսկեպարով չի աւարտւում, տարածւում է ողջ Հայաստանի վրայ։ Այն, ինչ իրականցնում ենք, դրան է միտուած՝ կանխարգելելուն», -աւելցուցած է ան։